«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ չորեքշաբթի գիշեր խումբ մը անյայտ անձեր փորձած են ինքնաշարժով ներխուժել Պրազիլի նախագահ Միշել Թամերի նստավայրի տարածք:
Ինքնաշարժը զարնուած է Ալվորատա պալատի պարիսպին, որուն մօտ ինկած են փամփուշտներ:
Ոստիկանութեան համաձայն, ձերբակալուած է անձ մը:
Միջադէպէն ետք, մայրաքաղաք Պրազիլիայի մէջ գտնուող նախագահական նստավայրի տարածքին հսկողութիւնը ամրապնդուած է:
Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ յարձակումին ընթացքին նախագահը իր նստավայրը չէր գտնուեր: