Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Քաթարէն Թրքական Ուժերու Հեռացման Պահանջը Թուրքիոյ Նկատմամբ Անարգալից Վերաբերմունք Է»

Յունիս 28, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր դաշնակիցներուն կողմէ Քաթարի մէջ թրքական ռազմակայանի փակման պահանջը իր երկրին նկատմամբ անարգալից վերաբերմունք է եւ կը հակասէ միջազգային օրէնքին:

«Թուրքիայէն իր ուժերը Քաթարէն հեռացնել պահանջելը նախ եւ առաջ մեզի նկատմամբ անարգալից վերաբերմունք է», ըսաւ Էրտողան կիրակի օր` աւելցնելով. «Գործընկերներու մօտ ռազմակայաններ հաստատելու համար ոեւէ մէկուն արտօնութեան կարիքը չունինք: Կը զօրակցինք եւ կը գնահատենք 13 պահանջներուն նկատմամբ Քաթարի կեցուածքը: Մեր համաձայնութեան միջամտելու փորձը շա՜տ, շա՜տ տգեղ մօտեցում է»:

«Այս 13 պահանջներու մօտեցումը կը հակասէ միջազգային օրէնքին, որովհետեւ չես կրնար յարձակիլ երկրի մը գերիշխանութեան դէմ կամ միջամտել այդ գերիշխանութեան», նշեց Էրտողան:

Յիշեցնենք, որ Սէուտական Արաբիա, Եգիպտոս, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Պահրէյն 13 կէտերէ բաղկացած պահանջ մը ներկայացուցած էին Քաթարին եւ 10 օրուան պայմանաժամ մը ճշդած ստանալու համար անոր պատասխանը: Տոհա յայտնեց, որ կը սերտէ ցանկը, սակայն անոր բովանդակութիւնը տրամաբանական կամ գործադրելի չէ:

Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Խալետ պըն Ահմետ Խալիֆա «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց, որ արտաքին միջամտութիւնը պիտի չլուծէ քաթարեան տագնապը: «Այդ ուժերու շահերէն կը բխի յարգել գոյութիւն ունեցող շրջանային կարգը, որ կրնայ լուծել յառաջացող որեւէ հարց», ըսաւ ան:

Շէյխ Խալիֆա «Թուիթըր»-ի վրայ մէկ այլ գրառումով մը Քաթարին սպառնաց «արտակարգ շրջանային միջամտութեամբ», եթէ չուզէ հետեւիլ շրջանի երկիրներուն հետ համաձայնութիւններուն:

«Քաթարը պէտք է կա՛մ հաւատարիմ մնայ շրջանին մէջ գործող համակարգին եւ շրջանի երկիրներուն հետ պաշտպանութեան մասին ընդհանուր համաձայնութիւններուն, կա՛մ անոր կը սպասէ արտակարգ շրջանային միջամտութիւն», գրեց Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարը:

Անոր համաձայն, Քաթար իրավիճակի ռազմականացման դիմած է` դրացի երկիրներուն հետ դիւանագիտական տագնապին յառաջացումէն ետք, երկիր հրաւիրելով օտարերկրացի զինուորներ:

«Քաթարի հետ տագնապի հիմքը քաղաքական եւ անվտանգութեան հարթութեան վրայ է, անիկա չունի զինուորական բաղադրիչ, օտարերկրեայ բանակներու եւ զրահապատ մեքենաներու եւ հրասայլերու գոյութիւնը կացութիւնը սրող զինուորական քայլ է, որուն պատասխանատուութիւնը կը կրէ Քաթար», գրեց ան:

Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն յայտնեց, որ Քաթարի ներկայացուած պահանջներու «բաւարարումը շատ դժուար պիտի ըլլայ»:

Թիլըրսըն աւելցուց, որ այդ պահանջները «լուծումի մը առաջնորդող երկխօսութեան հիմք կը կազմեն»: Ան տագնապի առնչակից երկիրներուն կոչ ուղղեց Քաթարի հետ «նստելու» եւ աշխատելու պահանջներու վրայ, որոնք կը յուսայ, որ «տրամաբանական եւ գործադրելի» ըլլան:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսըն յայտնեց. «Ծոցի շրջանի միասնականութիւնը կրնայ վերականգնիլ այն ժամանակ միայն, երբ առնչակից բոլոր երկիրները պատրաստակամ են քննարկելու պայմաններ, որոնք չափաւոր եւ իրապաշտ են»: Ան ըսաւ. «Բրիտանիա առնչակից երկիրներուն կոչ կ՛ուղղէ` գտնելու միջոցները լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ ներկայ արգելքներն ու սահմանափակումները ջնջելու, արգելքներ եւ սահմանափակումներ, որոնք կ՛ազդեն շրջանին մէջ ապրող ժողովուրդի առօրեայ կեանքին վրայ»:

Նախորդը

Անգարա Խոստացած Է Քսաններու Խմբակի Վեհաժողովին Չբերել Ուաշինկթընի Մէջ Ցուցարարներուն Վրայ Յարձակում Գործած Էրտողանի Թիկնապահները

Յաջորդը

«Քիմիական Զէնքով Նոր Յարձակում Մը Գործելու Պարագային Դամասկոս Շատ Սուղ Գին Պիտի Վճարէ» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

RelatedPosts

ԵԽԽՎ-ն Կը Պահանջէ Ուքրանիոյ Դէմ  Պատերազմի Միջազգային Դատարան Ստեղծել
Միջազգային

ԵԽԽՎ-ն Կը Պահանջէ Ուքրանիոյ Դէմ Պատերազմի Միջազգային Դատարան Ստեղծել

Յունուար 28, 2023
Թեհրանի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանատան Դէմ  Յարձակում. Ալիեւ Զայն Ահաբեկչութիւն Կ՛որակէ
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրանի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանատան Դէմ Յարձակում. Ալիեւ Զայն Ահաբեկչութիւն Կ՛որակէ

Յունուար 28, 2023
Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը  «Եւրոպական Երկիրները Ռուսիոյ Հետ Պատերազմի Մէջ Են»  Յայտարարած Է, Մոսկուա Բացատրութիւն Պահանջած Է
Միջազգային

Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը «Եւրոպական Երկիրները Ռուսիոյ Հետ Պատերազմի Մէջ Են» Յայտարարած Է, Մոսկուա Բացատրութիւն Պահանջած Է

Յունուար 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In