Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Պատրաստ Է Օգտագործելու Հիւսիսային Քորէայի Հետ Իր Կապերը` Քորէական Թերակղզիի Կացութեան Լուծման Համար

Յունիս 30, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրան պատրաստ է օգտագործելու Հիւսիսային Քորէայի հետ իր կապերը` Քորէական թերակղզիին վրայ կացութեան լուծման աջակցելու համար:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Արտաշիր Լարիճանին յայտարարած է, որ անոնք կ՛ուսումնասիրեն հարցը, եւ եթէ ի յայտ գայ, որ Իրան իսկապէս ի զօրու է հարցեր լուծել Թեհրանի եւ Փիոնկիանկի միջեւ գոյութիւն ունեցող դիւանագիտական կապերուն շնորհիւ, ապա պիտի ընէ իր կարելին:

«Մենք պէտք է զարգացնենք եւ յառաջ մղենք քաղաքական երկխօսութիւնը», ըսած է Լարիճանի` ընդգծելով, որ Թեհրանը իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ կը հիմնուի որեւէ խնդիրի խաղաղ լուծման սկզբունքներուն վրայ:

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի մօտ Հիւսիսային Քորէայի մնայուն ներկայացուցիչ Քիմ Ին Ռեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ իր երկիրը պիտի չհրաժարի հիւլէական զէնքի մշակումէն, որ անհրաժեշտ է երկրին ինքնապաշտպանութեան եւ Միացեալ Նահանգներու սպառնալիքէն իր ժողովուրդի գոյութեան պաշտպանման համար:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան վստահութիւն յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներ «մտադիր է ուժի կիրարկումով ոչնչացնել Հիւսիսային Քորէան, զինուորական գերակշռութիւն հաստատել Ասիա-խաղաղովկիանոսեան շրջանին վրայ եւ իրականացնել համաշխարհային տիրապետութեան հասնելու իրենց երազը»:

«Ո՛չ ինչ որ ալ ըսէ, ինչ պատժամիջոցներ, ճնշումներ եւ զինուորական յարձակումներ ալ տեղի ունենան, մենք ետդարձ պիտի չկատարենք ստեղծումէն հիւլէական ուժերու, որոնք կոչուած են պաշտպանելու երկրին գերիշխանութիւնը եւ ժողովուրդին գոյութեան իրաւունքը», ըսած է հիւսիսային քորէացի դիւանագէտը:

Նախորդը

Պրազիլի Մէջ Անյայտ Անձեր Փորձած Են Ինքնաշարժով Ներխուժել Նախագահական Նստավայր

Յաջորդը

«Քաթարէն Մեր Պահանջները Բանակցելի Չեն» Կ՛ըսէ Ժուպէյր

RelatedPosts

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Միացեալ  Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու,  Սակայն Ոչ Ի Վնաս Ռուսական Շահերուն»
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին. Թրամփ-Փութին Հանդիպումի Չեղեալ Նկատուելուն Պատճառը Մոսկուայի` Ուաշինկթընին Յղած Յուշագիրն Է

Նոյեմբեր 1, 2025
Աֆղանիստանն Ու Փաքիստանը Զինադադարը  Երկարաձգելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են
Գլխաւոր լուրեր

Աֆղանիստանն Ու Փաքիստանը Զինադադարը Երկարաձգելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Նոյեմբեր 1, 2025
Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?