Միջազգային

Հիւսիսային Քորէա Պաշտօնապէս Կը Յայտարարէ  Միջցամաքային Հեռահար Հրթիռի  Առաջին Յաջող Փորձարկման Մասին

Հիւսիսային Քորէա Պաշտօնապէս Կը Յայտարարէ Միջցամաքային Հեռահար Հրթիռի Առաջին Յաջող Փորձարկման Մասին

Հիւսիսային Քորէայի կեդրոնական պատկերասփիւռի կայանը յայտարարած է «Հվասոն-14» միջցամաքային հեռահար հրթիռի առաջին յաջող փորձարկման մասին: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ հրթիռը անցած է այնպիսի ուղիով, որ, փորձագէտներուն կարծիքով, կրնայ արտօնել հարուածել Միացեալ Նահանգներու Ալասքա նահանգը: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ հրթիռի թռիչքի առաւելագոյն բարձրութիւնը կազմած է 2802 քիլոմեթր: Կը հաղորդուի, որ 39 վայրկեանուան ընթացքին հրթիռը անցած է 933 քիլոմեթր: Հրթիռի արձակման...

Չորեքշաբթի Օր Չորս Երկիրներու  Արտաքին Գործոց Նախարարներու Ժողով

Չորեքշաբթի Օր Չորս Երկիրներու Արտաքին Գործոց Նախարարներու Ժողով

Արաբական Չորս Երկիրները 48 Ժամով Երկարաձգեցին Քաթարին Ներկայացուած Պայմանաժամը «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Պահրէյն եւ Եգիպտոս 48 ժամով երկարաձգած են Քաթարին ներկայացուած պայմանաժամը: Քուէյթ երկուշաբթի օր նշեալ երկիրներուն կոչ ուղղած էր Տոհային յաւելեալ ժամանակ տալու` ներկայացուած 13 կէտերէ բաղկացած պահանջներուն պատասխան տալու համար: Արաբական չորս երկիրներուն կողմէ Քաթարին տրուած 10 օրուան պայմանաժամը աւարտած էր...

Պոլսոյ Մէջ Էրտողան-Շոյկու Հանդիպում

Պոլսոյ Մէջ Էրտողան-Շոյկու Հանդիպում

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 2 յուլիսին Պոլսոյ մէջ հանդիպում մը ունեցած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ: «Լենթա.ռու» կայքին համաձայն, այս մասին կը հաղորդէ Թուրքիոյ նախագահի կայքը: «Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ընդունած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն «Թարապիա» պալատին մէջ», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: Շարք մը լրատուամիջոցներ այս հանդիպումը կը նկատեն նախապատրաստութիւն Համպուրկի մէջ Քսաններու խմբակի տարեկան վեհաժողովին...

Էրտողան Թրամփէն  Կը Խնդրէ Միջնորդել

Էրտողան Թրամփէն Կը Խնդրէ Միջնորդել

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին խօսած է Ուաշինկթընի մէջ իր թիկնապահներուն խաղաղ ցուցարարներուն վրայ կատարած յարձակումին մասին: Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նահանգային գրասենեակներու ղեկավարներու հետ հանդիպումի ընթացքին Էրտողան մանրամասնութիւններ յայտնած է Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին: Ան նշած է, որ Թրամփի հետ...

Ֆրանսայի Մէջ Վիրաւորներ` Մզկիթի Մը Մօտ  Արձակուած Կրակոցին Պատճառով

Ֆրանսայի Մէջ Վիրաւորներ` Մզկիթի Մը Մօտ Արձակուած Կրակոցին Պատճառով

Հարաւային Ֆրանսայի Աւինիոն քաղաքին մէջ մզկիթի մը առջեւ արձակուած կրակոցին պատճառով վիրաւորուած են 8 անձեր: Այս տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` աւելցնելով, որ հետաքննութեան քաջածանօթ աղբիւրին համաձայն, փոխադարձ հրացանաձգութիւնը կրնայ հաշիւներու մաքրում ըլլալ եւ ոչ թէ ահաբեկչական յարձակում: Աղբիւրը կը նշէ, որ վիրաւորներէն երկուքը տեղափոխուած են հիւանդանոց: Ան աւելցուցած է նաեւ, որ մզկիթէն դուրս եկող հաւատացեալները կրակոցի թիրախ չեն...

Պոսթընի Մէջ Վրայերթի Պատճառով  Արձանագրուեցան Վիրաւորներ

Պոսթընի Մէջ Վրայերթի Պատճառով Արձանագրուեցան Վիրաւորներ

Մասաչուսեցի ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ Պոսթընի «Լոկըն» օդակայանին մօտ ինքնաշարժ մը վրայերթի ենթարկած է ամբոխ մը: Պաշտօնատարներ կը յայտնեն, որ առնուազն տասը անձեր փոխադրուած են հիւանդանոց: Նահանգի ոստիկանութիւնը կը յայտնէ, որ այդ անձերուն վէրքերը «տարբեր աստիճանի ծանրութեամբ» են: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, վրայերթի ենթարկող ինքնաշարժը «թաքսի» մըն էր եւ անոր վարորդը` Քէյմպրիճէն 56-ամեայ մարդ մը կը գտնուի դէպքին վայրը եւ կը...

Թրամփ Եւ Ապէ Համաձայնած Են Զօրացնել  Հիւսիսային Քորէայի Վրայ Ճնշումը

Թրամփ Եւ Ապէ Համաձայնած Են Զօրացնել Հիւսիսային Քորէայի Վրայ Ճնշումը

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ճափոնի վարչապետ Սինծօ Ապէ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին հաստատած են, որ Հարաւային Քորէայի հետ միասին պիտի զօրացնեն Հիւսիսային Քորէայի վրայ ճնշումը: Այս մասին պատմած է Ճափոնի կառավարութեան բանբերը: Երկկողմանի բանակցութիւնները նուիրուած եղած են Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ 7-8 յուլիսին տեղի ունենալիք Եօթներու խմբակի հանդիպումէն առաջ Ուաշինկթընի, Թոքիոյի եւ...

Դամասկոսի Մէջ Երեք Պայթումներ  Պատճառեցին Զոհեր Ու Վիրաւորներ

Դամասկոսի Մէջ Երեք Պայթումներ Պատճառեցին Զոհեր Ու Վիրաւորներ

Երէկ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսը ցնցեցին երեք պայթումներ, որոնցմէ երկուքը ապահովական մարմիններու ջանքերուն շնորհիւ չհասան իրենց թիրախներուն, սակայն երրորդը պատճառեց զոհեր ու վիրաւորներ: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ապահովական մարմինները յաջողած են թիրախազերծել Դամասկոսի ճարտարագիտական շրջանին մէջ երկու ականուած ինքնաշարժներ եւ կանխարգիլած անոնց քաղաք մուտքը, սակայն ականուած ինքնաշարժով երրորդ գործողութեան պատճառով Դամասկոսի Թահրիր հրապարակին վրայ արձանագրուեցան բազմաթիւ զոհեր եւ...

Ըստ «Սապահ»-ի.  Սուրիական Ազատ Բանակէն 20 Հազար Զինեալներ  Պիտի Մասնակցին Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Թրքական  Զինուորական Գործողութեան Մը

Ըստ «Սապահ»-ի. Սուրիական Ազատ Բանակէն 20 Հազար Զինեալներ Պիտի Մասնակցին Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Թրքական Զինուորական Գործողութեան Մը

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սուրիական ազատ բանակէն շուրջ 20 հազար զինեալներ պիտի մասնակցին հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական գործողութեան մը: Օրաթերթը կը նշէ, որ թրքական բանակը յարձակում պիտի շղթայազերծէ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Աֆրին շրջանին դէմ: «Ըստ նախատեսութեանց, գործողութիւնը պիտի տեւէ 70 օր, եւ ամէն բանէ առաջ ծրագրուած է գրաւել Թել Ռիֆհաթ քաղաքն ու օդուժի...

Թրքական Ուժեր  Կը Շարունակեն Հասնիլ Քաթար

Թրքական Ուժեր Կը Շարունակեն Հասնիլ Քաթար

Քաթարի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիայէն յաւելեալ ուժեր կը հասնին Քաթար` միանալու համար ներկայիս Տոհա գտնուող թրքական ուժերուն, որոնք 19 յունիսէն ի վեր սկսած են «մարզումի իրենց առաքելութեան»: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշեց, որ նշեալ յաւելեալ ուժերը օդուժի Ատիտ ռազմակայան հասած են Քաթարի եւ «եղբայրական թրքական հանրապետութեան» միջեւ պաշտպանութեան մարզի համաձայնութիւններուն հիմամբ: «Այս ապահովական գործակցութիւնը նաեւ կ՛իյնայ ահաբեկչութեան ու ծայրայեղականութեան դէմ պայքարելու,...

Յունաստանի, Պուլկարիոյ  Եւ Թուրքիոյ Մէջ Աննախադէպ Տաք Եղանակ

Յունաստանի, Պուլկարիոյ Եւ Թուրքիոյ Մէջ Աննախադէպ Տաք Եղանակ

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Յունաստանի մէջ շաբաթ օր արձանագրուած 45,9 աստիճան տաքը ջերմաստիճանի եւրոպական նոր մրցանիշ սահմանած է: Այդ ջերմաստիճանը արձանագրուած է Կրետէի Իրաքլիոն քաղաքին մօտ գտնուող Միրես քաղաքի շրջանին մէջ: Յունաստանի մէջ աւելի քան մէկ շաբաթէ ի վեր տաք եղանակ է, սակայն հինգշաբթի օրուընէ սկսեալ ջերմաստիճանը հասած է 40-ի: Օդերեւութաբաններու տուեալներով` շաբաթ օր հսկողութեան չորս կայաններու մէջ արձանագրուած...

Բրիտանիոյ Վարչապետը Ներում Հայցած Է Լոնտոնի  «Կրենֆել» Աշտարակի Հրդեհէն Վնասուածներուն  «Ոչ Բաւարար» Աջակցութեան Համար

Բրիտանիոյ Վարչապետը Ներում Հայցած Է Լոնտոնի «Կրենֆել» Աշտարակի Հրդեհէն Վնասուածներուն «Ոչ Բաւարար» Աջակցութեան Համար

«Էսոշիէյթըտ Փրես» կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ ներում հայցած է կառավարութեան կողմէ «Կրենֆել» աշտարակի բնակելի շէնքին մէջ բռնկած հրդեհէն վնասուածներուն` «ոչ բաւարար» աջակցութեան համար: «Ընտանիքներու աջակցութիւնը առաջին ժամերուն բաւականաչափ լաւ չէր: Մարդիկ մնացած են առանց սեփականութեան, առանց տանիքի, նոյնիսկ` առանց տեղեկութեան, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է, ի՛նչ պէտք է ընեն եւ ո՛ւր օգնութիւն գտնեն... Իբրեւ վարչապետ` ես ներում...

Թրամփ Ամերիկացիներուն Պատմութեան Մէջ  Հարկերու Մեծագոյն Նուազումը Խոստացած Է

Թրամփ Ամերիկացիներուն Պատմութեան Մէջ Հարկերու Մեծագոյն Նուազումը Խոստացած Է

«Էյ. Պի. Սի. Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ամերիկացիներուն խոստացած է Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ հարկերու մեծագոյն նուազումը: «Մենք շատ լուրջ կ՛աշխատինք հարկերու կրճատման ուղղութեամբ: Եւ եթէ ամէն ինչ նախատեսածիս պէս ընթանայ, ապա անիկա պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ մեծագոյն կրճատումը», ըսած է Թրամփ` հանդէս գալով Այոուա նահանգի իր աջակիցներուն առջեւ: Ըստ անոր, այժմ Միացեալ...

Վենեզուելայի Մէջ Գտած Են Այն Ուղղաթիռը,  Որով Յարձակում Գործուած Էր Գերագոյն  Դատարանին Եւ Ներքին Գործոց Նախարարութեան Դէմ

Վենեզուելայի Մէջ Գտած Են Այն Ուղղաթիռը, Որով Յարձակում Գործուած Էր Գերագոյն Դատարանին Եւ Ներքին Գործոց Նախարարութեան Դէմ

Վենեզուելայի մէջ յայտնաբերած են այն ուղղաթիռը, որով անցեալ շաբաթ յարձակում գործուած էր մայրաքաղաք Քարաքասի մէջ Գերագոյն դատարանի եւ ներքին գործոց նախարարութեան շէնքերուն դէմ: «Թվզվեզտա» կայքը կը հաղորդէ, որ վենեզուելական իշխանութիւններուն համաձայն, ուղղաթիռը կը պատկանէր Վենեզուելայի ոստիկանութեան Գիտական եւ քրէական հետաքննութիւններու բաժանմունքին: Սակայն փորձագէտներու կարծիքով` ուղղաթիռով յարձակումի միջադէպը կրնայ բեմադրուած ըլլալ` տեղւոյն կառավարութեան համար սպառնալիքի պատրանք ստեղծելու համար: Յիշեցնենք, որ անցեալ...

«Խան Շէյխունի Մէջ Քիմիական Զէնքի  Օգտագործման Պատասխանատուներուն  Ճշդումին Կը Սպասենք»  Ըսաւ Հէյլի

«Խան Շէյխունի Մէջ Քիմիական Զէնքի Օգտագործման Պատասխանատուներուն Ճշդումին Կը Սպասենք» Ըսաւ Հէյլի

ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն դեսպան Նիքի Հէյլի յայտնեց, որ իր երկիրը ՄԱԿ-ի եւ Քիմիական զէնքերու տարածման արգիլման կազմակերպութեան յանձնախումբէն կը սպասէ ճշդել 4 ապրիլին Սուրիոյ Խան Շէյխուն քաղաքին մէջ քիմիական զէնքով յարձակումին պատասխանատուներուն անունները: «Քիմիական զէնքերու տարածման արգիլման կազմակերպութեան զեկուցումը հաստատեց այն, ինչ որ գիտէինք` սուրիացի ժողովուրդին դէմ քիմիական զէնքի օգտագործումը: Այժմ անհերքելի ճշմարտութիւնը գիտնալէ ետք կ՛ակնկալենք անկախ հետաքննութիւն...

Իրանեան Լրատուամիջոց Մը Հրապարակած Է  Լուսանկարներ, Որոնք Կրնան Հաստատել  ՏԱՀԵՇ-ի Ղեկավարին Սպանութեան Լուրը

Իրանեան Լրատուամիջոց Մը Հրապարակած Է Լուսանկարներ, Որոնք Կրնան Հաստատել ՏԱՀԵՇ-ի Ղեկավարին Սպանութեան Լուրը

Իրանեան ԻՐԻՊ պատկերասփիւռի կայանը իր պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրած է լուսանկարներ, որոնք կրնան հաստատել ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավար Ապուպաքր Պաղտատիի սպանութեան վերաբերող լուրը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ իրանեան պատկերասփիւռի կայանին հրապարակած չորս լուսանկարներուն մէջ կ՛երեւի արտաքինով Պաղտատիին շատ նմանող տղամարդ մը: Լուսանկարներէն երկուքը առնուած են անոր ողջ եղած ժամանակ, իսկ միւս երկուքը` սպաննուելէն ետք: Բայց եւ այնպէս, ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարի սպանութեան պաշտօնական...

Ֆրանսայի Ոստիկանութիւնը Ձերբակալած Է  Մզկիթի Մօտ Վրայերթի Փորձ Կատարած Անձը

Ֆրանսայի Ոստիկանութիւնը Ձերբակալած Է Մզկիթի Մօտ Վրայերթի Փորձ Կատարած Անձը

Ֆրանսական ոստիկանութիւնը ձերբակալած է այն տղամարդը, որ ինքնաշարժով փորձած է վրայերթի ենթարկել Փարիզի արուարձաններէն մէկու մզկիթին մօտ հաւաքուած խումբ մը մարդիկ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով ֆրանսական ոստիկանութեան, կը հաղորդէ, որ միջադէպին պատճառով ոչ ոք վիրաւորուած է: Միջադէպը տեղի ունեցած է Քրեթէյ քաղաքին մէջ: Իրաւապահ մարմիններու տուեալներով` կատարուածին շարժառիթները տակաւին կը մնան անյայտ:

Անգարա «Խիստ Վրդոված Է».  Գերմանիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը Էրտողանի`  Գերմանաբնակ Թուրքերուն Առջեւ Խօսք  Արտասանել Արգիլելը Կը Նկատէ Ճիշդ

Անգարա «Խիստ Վրդոված Է». Գերմանիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը Էրտողանի` Գերմանաբնակ Թուրքերուն Առջեւ Խօսք Արտասանել Արգիլելը Կը Նկատէ Ճիշդ

Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարար Թոմաս տէ Մայզիերէ կատարելապէս ճիշդ նկատած է այն որոշումը, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին կ՛արգիլէ գերմանաբնակ թուրքերուն առջեւ խօսք արտասանել: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ»-ն: «Գերմանիոյ մէջ նախապատրաստուող ընտրական պայքարէն առաջ դուրսէն ընտրութեան ազդելու փորձերը բացարձակապէս անընդունելի են», ըսած է նախարարը: Ան նշած է, որ թէեւ Թուրքիան Գերմանիոյ համար կարեւոր գործընկեր է, սակայն վերջին...

Լա Հէյի Դատարանը Խրուաթիոյ Հետ  Տարածքային Վէճը Լուծած Է Յօգուտ Սլովենիոյ

Լա Հէյի Դատարանը Խրուաթիոյ Հետ Տարածքային Վէճը Լուծած Է Յօգուտ Սլովենիոյ

Սլովենիան իրաւունք ստացած է Ատրիական ծովուն մէջ, ինչպէս նաեւ Փիրենեան նեղուցի մակերեսի երեք քառորդին մէջ խրուաթական տարածքային ջուրերէն անցնելու դէպի միջազգային ջուրեր: 29 յունիսին այդպիսի վճիռ մը արձակած է Լա Հէյի իրաւարարական դատարանը: «Եուրօաքթիւ»-ը կը հաղորդէ, որ միջանցքը, որով սլովենական նաւերն ու օդանաւերը պիտի կարենան ազատ երթեւեկել, պէտք է ըլլայ շուրջ 2,5 ծովային մղոն լայնութեամբ: Սակայն Սլովենիան այդ տարածքը չի...

«Միլլիյէթ». «Թրքական Բանակը Կը Գտնուի  Աֆրինի Դէմ Յարձակում  Շղթայազերծելու Սեմին»

«Միլլիյէթ». «Թրքական Բանակը Կը Գտնուի Աֆրինի Դէմ Յարձակում Շղթայազերծելու Սեմին»

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժեր. «Թուրքիոյ  Հաւանական Յարձակումին Պարագային Պիտի Տանք Համարժէք Պատասխան» Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ թրքական բանակը կը գտնուի հիւսիսային Սուրիոյ Աֆրին շրջանին դէմ յարձակում շղթայազերծելու սեմին: Թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը կը գրէ, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը, որոնց շարքին կը կռուին քիւրտ եւ արաբ զինեալներ, յայտարարած են, որ եթէ թրքական զինեալ ուժերը իրենց դէմ յարձակում գործեն, իրենք պատասխան հարուած պիտի...

Page 692 of 883 1 … 691 692 693 … 883

Արխիւներ