Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին խօսած է Ուաշինկթընի մէջ իր թիկնապահներուն խաղաղ ցուցարարներուն վրայ կատարած յարձակումին մասին:
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նահանգային գրասենեակներու ղեկավարներու հետ հանդիպումի ընթացքին Էրտողան մանրամասնութիւններ յայտնած է Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին:
Ան նշած է, որ Թրամփի հետ խօսած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ հետախուզման տակ գտնուող իր թիկնապահներուն հարցին մասին: Թուրքիոյ նախագահը Թրամփի միջամտութիւնը խնդրած է: Վերջինս Էրտողանին հաւաստած է, որ անձամբ պիտի զբաղի այդ հարցով:
Յայտնենք, որ յարձակումին մասնակից եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի երկու թուրքեր արդէն ձերբակալուած են: