Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յունաստանի, Պուլկարիոյ Եւ Թուրքիոյ Մէջ Աննախադէպ Տաք Եղանակ

July 3, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Յունաստանի մէջ շաբաթ օր արձանագրուած 45,9 աստիճան տաքը ջերմաստիճանի եւրոպական նոր մրցանիշ սահմանած է: Այդ ջերմաստիճանը արձանագրուած է Կրետէի Իրաքլիոն քաղաքին մօտ գտնուող Միրես քաղաքի շրջանին մէջ:

Յունաստանի մէջ աւելի քան մէկ շաբաթէ ի վեր տաք եղանակ է, սակայն հինգշաբթի օրուընէ սկսեալ ջերմաստիճանը հասած է 40-ի:

Օդերեւութաբաններու տուեալներով` շաբաթ օր հսկողութեան չորս կայաններու մէջ արձանագրուած է 44-էն բարձր ջերմաստիճան, 25 կայաններու մէջ` 42-էն բարձր:

Կ՛ակնկալուի, որ այսօր ջերմաստիճանը տասը աստիճանով անկում կրելով հասնի 33-34 աստիճանի:

Աթէնքի քաղաքապետարանը մայրաքաղաքին մէջ բացած է օդափոխիչ սարքերով 9 տարածք, ուր փափաքողները կրնան պատսպարուիլ տաքէն: Տարածքները նախ եւ առաջ նախատեսուած են բնակչութեան նուազ պաշտպանուած խումբերուն համար:

Հրշէջ ծառայութիւնները զգուշացուցած են չոր եւ տաք եղանակին պատճառով հրդեհներու վտանգէն:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ մէջ արձանագրուած է վերջին 106 տարուան մէջ ամէնէն բարձր ջերմաստիճանը` 37,2: Պոլսոյ համար արտասովոր բարձր ջերմաստիճանին պատճառը Իրաքէն եկող օդի տաք հոսանքն է: Օդերեւութաբանները կը հաղորդեն, որ այս շաբաթ կը սպասուի անձրեւ:

Միեւնոյն ժամանակ, Անթալիոյ մէջ երէկ արձանագրուած է վերջին 88 տարուան մէջ ամէնէն բարձր ջերմաստիճանը` 45,4: Մէկ օր առաջ Ուրֆա նահանգին մէջ ջերմաստիճանը հասած էր 60-ի: Ուրֆայի մէջ այդպիսի ջերմաստիճան վերջին անգամ արձանագրուած էր 30 տարի առաջ:

Միւս կողմէ, Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ արտասովոր տաքին պատճառով արձանագրուեցաւ 5 զոհ: Երէկ մինչեւ կէսօր Սոֆիայի մէջ տաքին պատճառով 180 անձեր ուշակորոյս դարձած են:

Օդերեւութաբանութեան ազգային կեդրոնին համաձայն, պուլկարական կարգ մը շրջաններու մէջ ջերմաստիճանը հասած է 40-ի:

Դանուբ գետի եզերքը գտնուող Ռուսա քաղաքին մէջ ջերմաստիճանը հասած է մրցանշային 44 աստիճանի:

 

Նախորդը

Աւելի Քան 35 Քոնկրեսականներ Թուրքիոյ Զէնքերու Վաճառքը Կասեցնելու Կոչ Կ՛ուղղեն

Յաջորդը

Թրքական Ուժեր Կը Շարունակեն Հասնիլ Քաթար

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.