Վենեզուելայի մէջ յայտնաբերած են այն ուղղաթիռը, որով անցեալ շաբաթ յարձակում գործուած էր մայրաքաղաք Քարաքասի մէջ Գերագոյն դատարանի եւ ներքին գործոց նախարարութեան շէնքերուն դէմ:
«Թվզվեզտա» կայքը կը հաղորդէ, որ վենեզուելական իշխանութիւններուն համաձայն, ուղղաթիռը կը պատկանէր Վենեզուելայի ոստիկանութեան Գիտական եւ քրէական հետաքննութիւններու բաժանմունքին:
Սակայն փորձագէտներու կարծիքով` ուղղաթիռով յարձակումի միջադէպը կրնայ բեմադրուած ըլլալ` տեղւոյն կառավարութեան համար սպառնալիքի պատրանք ստեղծելու համար:
Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ ոստիկանական ուղղաթիռէն 15 փամփուշտ արձակուած էր ներքին գործոց նախարարութեան շէնքին ուղղութեամբ եւ չորս ձեռնառումբեր նետուած էին Գերագոյն դատարանին վրայ: Մարդկային վնասներ չէին արձանագրուած:



