Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարը Պիտի Այցելէ Թուրքիա
«էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ ըստ թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն 9-10 յուլիսին պիտի այցելէ Պոլիս: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում պիտի ունենայ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: Կը նախատեսուի, որ վերոնշեալ հանդիպումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ ըլլան Սուրիոյ քրտական ուժերուն գործողութիւնները, քաթարեան ճգնաժամի վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ իսլամ քարոզիչ, ամերիկաբնակ միլիառատէր Ֆեթհուլլա Կիւլենի արտայանձնման...




















