Հիւսիսային Քորէայի կեդրոնական պատկերասփիւռի կայանը յայտարարած է «Հվասոն-14» միջցամաքային հեռահար հրթիռի առաջին յաջող փորձարկման մասին:
«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ հրթիռը անցած է այնպիսի ուղիով, որ, փորձագէտներուն կարծիքով, կրնայ արտօնել հարուածել Միացեալ Նահանգներու Ալասքա նահանգը:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ հրթիռի թռիչքի առաւելագոյն բարձրութիւնը կազմած է 2802 քիլոմեթր: Կը հաղորդուի, որ 39 վայրկեանուան ընթացքին հրթիռը անցած է 933 քիլոմեթր:
Հրթիռի արձակման մասին հրամանը տուած է Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չեն Ընը: Ան նաեւ հետեւած է փորձարկման:
Ինչպէս կը յայտնեն Ճափոնի պաշտպանութեան նախարարութենէն, հրթիռը ինկած է Ճափոնական ծովը` Աքիթա շրջանին մէջ Օկա թերակղզիէն 300 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Ճափոնի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ յայտնած է, որ հրթիռի թռիչքի բարձրութիւնը գերազանցած է 2500 քիլոմեթրը:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Հիւսիսային Քորէայի կողմէ հերթական հեռահար հրթիռի արձակումէն ետք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Չինաստանին առաջարկած է Հիւսիսային Քորէայի հարցին մէջ «կոշտ քայլի» դիմել:
«Հիւսիսային Քորէան տակաւին նոր արձակած է հրթիռ մը եւս: Այդ տղան (Քիմ Չեն Ընը) իր կեանքին մէջ կրնա՞յ աւելի լաւ բան մը ընել: Դժուար է հաւատալ, որ Հարաւային Քորէան ու Ճափոնը պիտի շարունակեն այս բոլորը հանդուրժել: Տակաւին Չինաստանը կոշտ քայլի պիտի դիմէ Հիւսիսային Քորէայի դէմ եւ միանգամընդմիշտ վերջ պիտի տայ այս յիմարութեան», գրած է Թրամփ: