Մերքել Խօսած Է Իրաքի Տարածքին Անկախ Քիւրտիստանի Հարցին Մասին
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել մեկնաբանած է Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ սեպտեմբերին նախատեսուած անկախութեան հանրաքուէն: Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը գրէ, որ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, պատասխանելով Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի հաւանական անկախացման վերաբերեալ իր կարծիքին մասին հարցումի մը, Գերմանիոյ վարչապետը ըսած է. «Ես կը զօրակցիմ Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ ինքնավար Քիւրտիստանի մարզին»: Նշենք,...




















