ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմինի` Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցիչը յայտնած է, որ յանձնաժողովը կը կիսէ Թուրքիոյ վերաբերող բանաձեւին մէջ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ արտայայտուած մտավախութիւններէն շատեր:
Յիշեցնենք, որ Եւրոպական խորհրդարանը հինգշաբթի օր 477 թեր ձայնով որդեգրած էր Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները սառեցնելու կոչ ուղղող բանաձեւ մը:
Եւրոպական խորհրդարանին որդեգրած բանաձեւը Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն եւ Եւրոպական յանձնաժողովին կոչ կ՛ուղղէր` անյապաղ կասեցնելու Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները, եթէ Թուրքիոյ մէջ 16 ապրիլ 2017-ին տեղի ունեցած հանրաքուէով որդեգրուած սահմանադրական փոփոխութիւնները ուժի մէջ մտնեն առանց փոփոխութիւններու: