Չինաստան Կը Բանայ Արտասահմանի Մէջ Իր Առաջին Ռազմակայանը
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Չինաստան պիտի բանայ իր արտասահմանեան առաջին ռազմակայանը, որ նախատեսուած է կառուցել արեւելեան Ափրիկէի` Ճիպութիի մէջ: Փորձագէտները կը նշեն, որ Ճիպութին ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունի: Ռազմակայանի շինարարական աշխատանքները Չինաստանի մէջ ընթացք առած են 2016-ին: Ռազմակայանի գործունէութիւնը պիտի ըլլայ սպառազինութեամբ օժտել չինական մարտանաւերը, որոնք մարդասիրական առաքելութեան եւ խաղաղութեան պահպանման նպատակով` Եմէնի եւ Սոմալիի ափերուն կը նաւարկեն:...




















