Ասթանայի մէջ սուրիական տագնապի լուծման շուրջ կայացած բանակցութիւններու 5-րդ փուլը արդիւնաւէտ չէ եղած: Սուրիոյ հարցով երաշխաւոր երկիրները` Ռուսիան, Թուրքիան եւ Իրանը համաձայնութիւն չեն գոյացուցած` Անգարայի ներկայացուցած առարկութիւններուն պատճառով:
Կողմերը չեն կրցած համաձայնիլ անվտանգութեան չորս գօտիներու սահմաններու առանձնացման եւ այդ գօտիներուն մէջ անվտանգութեան ապահովման միջոցառումներուն շուրջ:
Սուրիոյ կառավարական պատուիրակութեան ղեկավար Պաշշար Ժաաֆարի յայտնած է, որ թրքական կողմը դէմ արտայայտուած է որեւէ փաստաթուղթի որդեգրման` պահանջելով յաւելեալ ժամանակ:
Բանակցութիւններու յաջորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ օգոստոսի վերջաւորութեան` դարձեալ Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ: