Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Պատրաստ ենք Քաթարի մէջ թրքական ռազմակայանը փակելու, անմիջապէս որ Տոհայի կողմէ պատշաճ պահանջ մը ստանանք»:
Ան շեշտեց, որ իր երկիրը Ծոցի շրջանի տագնապին մէջ կը զօրակցի Քաթարին: «Տոհայի հետ յարաբերութիւնները խզած չորս երկիրներուն 13 կէտերէ բաղկացած պահանջները ամէն պարագայի անգործադրելի են»:
«Այդ ցանկը կ՛ընդգրկէ պահանջներ, որոնց միջոցով Քաթարի հետ յարաբերութիւնները խզած երկիրները կը յայտնեն, թէ չեն յարգեր Քաթարը իբրեւ պետութիւն, եւ ան պէտք է հրաժարի իբրեւ պետութիւն իր վայելած բոլոր լիազօրութիւններէն», նշեց Էրտողան:



