Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին-Թրամփ Առաջին Հանդիպումը

July 8, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Համպուրկի մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ ունեցան իրենց առաջին դէմ առ դէմ հանդիպումը, որմէ ետք Փութին յայտնեց. «Երկար զրոյց մը ունեցայ Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ: Քննարկելիք շատ հարցեր ունէինք, ներառեալ Ուքրանիա, Սուրիա եւ այլ հարցեր, ինչպէս նաեւ երկկողմանի հարցեր: Անգամ մը եւս անդրադարձանք ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ համացանցի անվտանգութեան», նշեց Փութին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն ընդհանուր առմամբ հաստատեց, որ այդ հարցերն են, որոնք քննարկուած են` նշելով, որ երկու ղեկավարները շատ արագ զիրար հասկցան եւ իրարմէ դրական տպաւորութիւն ստացան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ երկու նախագահները համաձայնութիւն գոյացուցած են կիրակի օրուընէ սկսեալ զինադադար յայտարարելու Սուրիոյ հարաւ- արեւմուտքը: Սակայն երկու կողմերը անհամաձայն էին, թէ ռուսական կողմէն կայքահէնութեան ամբաստանութիւններուն վերաբերեալ քննարկումները ինչպիսի՛ արդիւնք տուած են:

Լաւրով յայտնեց, որ Թրամփ ընդունած է Փութինի պնդումը, թէ այդ ամբաստանութիւնները ճշմարիտ չեն:

Թիլըրսըն նաեւ յայտնեց, որ երկու ղեկավարները իրենց աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին «մեծ» քննարկում ունեցած են, եւ Թրամփ քանի մը առիթով ճնշում բանեցուցած է Փութինի վրայ: Սակայն ան աւելցուց, որ յստակ չէ, թէ երկու երկիրները երբեք կրնա՞ն պատահածին շուրջ համաձայն գտնուիլ:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ Պաշշար Ասատի ընտանիքին երկարատեւ որեւէ դերակատարութիւն չի տեսներ: «Տակաւին Ասատի հեռացման ձեւը չենք որոշած, սակայն անիկա պիտի պատահի փոխանցման փուլին», նշեց ան:

 

Նախորդը

Հոլանտական Կառավարութիւնը Անցանկալի Կը Նկատէ Թուրքիոյ Փոխվարչապետին Հոլանտա Այցելութիւնը

Յաջորդը

Արաբական Չորս Երկիրները Չեղեալ Կը Նկատեն 13 Կէտերը Եւ Կը Խոստանան Քաթարի Դէմ Նոր Միջոցառումներ Որդեգրել

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.