«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Վարշաւայի մէջ տեղի կ՛ունենան Վոլինեան կոտորածներուն նուիրուած սուգի արարողութիւններ. պաշտօնական ձեռնարկները սկսած են Փիլսուտսքի հրապարակին վրայ` Անյայտ զինուորի գերեզմանին մօտ պահակախումբի հանդիսաւոր փոխարինումով:
Կը նշուի, որ ողբերգութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած սուգի արարողութիւնները պիտի տեւեն մինչեւ 11 յուլիս:
Աղբիւրին համաձայն, Փիլսուտսքի հրապարակին վրայ հաւաքուած են Լեհաստանի տարբեր շրջաններու բնակիչներ, որոնց շարքին նաեւ Վոլինեան կոտորածներու զոհերու ժառանգորդներ, ինչպէս նաեւ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ուքրանացի ազգայնականներու կողմէ գործուած Վոլինեան կոտորածները տեղի ունեցած են 1943-1944 թուականներուն: Կոտորածներուն նպատակը եղած է Արեւմտեան Ուքրանիան ծագումով ոչ ուքրանացիներէն «մաքրել»:



