Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՕԹԱՆ Մեկնաբանած Է Քոնիայի Ռազմակայանի Շուրջ Ստեղծուած Ճգնաժամը

July 20, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՕԹԱՆ պաշտօնապէս արձագանգած է Թուրքիոյ Քոնիա քաղաքին մէջ գտնուող ՕԹԱՆ-ի ռազմակայանին շուրջ ստեղծուած թուրք-գերմանական ճգնաժամին:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Նուման Քուրթուլմուշ` խօսելով Քոնիայի ռազմակայան գերմանացի երեսփոխաններու այցելութեան մասին, նշած էր, որ անոնց այցելութիւնը ժամանակաւորապէս յետաձգուած է երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուած յարաբերութիւններուն պատճառով:

Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը գրէ, որ ՕԹԱՆ-ի հրապարակած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ ՕԹԱՆ կը հետեւի իրադարձութիւններու ընթացքին եւ կը յուսայ, որ կողմերը կառուցողական քննարկումներու շնորհիւ գտնեն համապատասխան լուծում:

ՕԹԱՆ ընդգծած է, որ այս հարցին շուրջ պիտի շարունակէ կապի մէջ մնալ երկու կողմերուն հետ:

Նախապէս Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարած էր, որ Գերմանիան չի պատրաստուիր քննարկելու Թուրքիոյ հետ թրքական Քոնիա քաղաքին մէջ գտնուող ՕԹԱՆ-ի ռազմակայանին մէջ ծառայող գերմանացի զինուորներուն այցելելու հարցը:

Մերքել ընդգծած է, որ անոնց այս իրաւունքն ու պահանջը չի կրնար օգտագործուիլ Թուրքիոյ հետ այլ նիւթերու շուրջ քաղաքական քննարկումներու մէջ եւ եթէ Թուրքիան փորձէ պայմաններ առաջադրել` հաստատօրէն պիտի մերժուի:

Նախորդը

Քննադատելով Ցեղասպանութեան Մասին Խօսողները Տուգանքի Ենթարկելու Օրէնքը` Տողան. «Իսկ Հայերու Պատմական Անցեալը Վիրաւորելը Արտօնուա՞ծ Է»

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Մնայուն Ներկայացուցիչը Մտահոգութիւն Յայտնած Է Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզի Անկախութեան Հանրաքուէին Վերաբերեալ

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.