Մերքել. «Թուրքիոյ Դէմ Միջոցառումներու Ձեռնարկելը Դարձած Է Անհրաժեշտ Եւ Անխուսափելի»
Վկայակոչելով թրքական «Տիքեն» կայքը` «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել ամբողջական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլի յայտարարութիւններուն:
Գերմանիոյ վարչապետին բանբերը նշած է, որ Մերքել կը զօրակցի Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարին բոլոր յայտարարութիւններուն: «Մերքել ընդգծած է, որ Թուրքիոյ դէմ միջոցառումներու ձեռնարկելը դարձած է անհրաժեշտ եւ անխուսափելի», յայտնած է անոր բանբերը:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկման Կապրիէլ, որ Պոլսոյ մէջ գերմանացի իրաւապաշտպան Փեթեր Սթոյտթների կալանաւորուելէն ետք ընդհատած էր իր արձակուրդն ու վերադարձած Պերլին, երէկ յայտարարեց, որ Գերմանիա կը փոխէ Թուրքիոյ նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը:
Ան պահանջեց անմիջապէս ազատ արձակել Սթոյտթներն ու կալանաւորուած միւս իրաւապաշտպանները: «Գերմանիա Թուրքիան միշտ տեսած է թէ՛ ՕԹԱՆ-ի, թէ՛ եւրոպական ընտանիքին մէջ: Սակայն Թուրքիա այժմ արդէն կը հեռանայ ո՛չ միայն Եւրոպայի, այլ նաեւ ՕԹԱՆ-ի արժէքներէն», ըսաւ գերմանական դիւանագիտութեան պետը:
Կապրիէլ յայտնեց, որ սկզբնական փուլին Թուրքիոյ դէմ ուղղուած քայլերու պիտի ձեռնարկուին երեք տարբեր կէտերով. ոչ ոքի խորհուրդ չտալ ներդրումներ կատարել երկրի մը մէջ, ուր օրէնքը երաշխաւորուած չէ, նախազգուշացնել Թուրքիա մեկնիլ պատրաստուող Գերմանիոյ քաղաքացիները, վերատեսութեան ենթարկել Թուրքիոյ ուղղուած Եւրոպական Միութեան ֆինանսական աջակցութիւնը:
«Միշտ համբերատար եղած ենք Թուրքիոյ նկատմամբ, մինչեւ իսկ երբ այդ երկրին իշխանութիւնները Գերմանիան ֆաշական կոչեցին: Սակայն այդ համբերութիւնը արդէն կը հատի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ կարիքը ունինք նոր ուղղութեան մը, եւ Անգարայի մէջ պաշտօնատարները պէտք է իրենց քաղաքականութեան հետեւանքներուն գիտակցին»:
Կապրիէլ նաեւ ըսաւ. «Յստակ է, որ գերմանացի գործիչին Թուրքիոյ մէջ ձերբակալումը նախապէս ծրագրուած էր»:
Թուրքիա Գերմանիան Կը Մեղադրէ Իր Ներքին
Գործերուն Միջամտելու Ամբաստանութեամբ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Գերմանիոյ կառավարութիւնը մեղադրած է Թուրքիոյ ներքին գործերուն եւ դատական համակարգին միջամտելու ամբաստանութեամբ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:
Անգարա յայտարարած է, որ գերմանացի իրաւապաշտպան Փեթեր Սթոյտթների կալանաւորումը տեղի ունեցած է միջազգային օրէնքի ծիրին մէջ:
«Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին եւ կառավարութեան բանբերին կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները ուղղակի միջամտութիւն են թրքական դատական համակարգին եւ կ՛անցնին սահմանները: Այդ յայտարարութիւնները անընդունելի են», կ՛ընդգծուի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Պերլինէն հնչած յայտարարութիւնները ցոյց տուած են Թուրքիան «թիրախաւորող տարբեր ահաբեկչական խմբաւորումներու անդամները գրկաբաց ընդունողներու, ահաբեկիչները արդարադատութեան յանձնելու հոլովոյթը խոչընդոտողներու` օրէնքին նկատմամբ մօտեցման հարցին մէջ ունեցած երկակի չափանիշները»:
Յիշեցնենք, որ Գերմանիան Թուրքիոյ դեսպան Ալի Քեմալ Այտընը 19 յուլիսին կանչած էր արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ բողոքագիր յղած Անգարային` կապուած Պոլսոյ մէջ գերմանացի իրաւապաշտպան Սթոյտթները ձերբակալելու, ապա նաեւ կալանաւորելու հետ: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարթին Շեֆեր յայտնած էր, թէ դեսպանին յստակ լեզուով ըսած են, որ առանց ժամանակ կորսնցնելու թրքական կողմը ազատ պէտք է արձակէ Գերմանիոյ քաղաքացի Սթոյտթները:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ Սթոյտթների ձերբակալումէն ետք կէս ձգած է արձակուրդն ու վերադարձած Պերլին: