Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիա Թուրքիոյ Բողոքագիր Յղած Է. Ուաշինկթըն Խստօրէն Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Մէջ Իրաւապաշտպաններու Հետապնդումները

July 20, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ խստօրէն կը դատապարտեն Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու վեց պաշտպաններու ձերբակալումը` թրքական իշխանութիւններուն կոչ ուղղելով անմիջապէս ազատ արձակելու զանոնք: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ:

«Փոքրաթիւ ապացոյցներով կամ չնչին թափանցիկութեամբ այդպիսի մեղադրանքները կ՛ոտնահարեն Թուրքիոյ մէջ օրէնքի գերակայութիւնը եւ անհատներու իրաւունքը յարգելու այդ երկրի պարտաւորութիւնները: Մենք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք հրաժարելու մեղադրանքներէն, ազատ արձակելու ձերբակալուածներն ու դադրեցնելու երկրին մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութեան այդ կէտերը, որոնք կ՛արտօնեն հետապնդել անհատները», ըսած է ան` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի շարունակէ հետեւիլ դէպքին:

5 յուլիսին Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած 10 իրաւապաշտպաններէն վեցը` Իտիլ Էսեր, Էօզլեմ Տալքըրան, Վելի Աճուն, Կինալ Քուրշուն, Ալի Քարաւի եւ Փեթեր Սթոյտթներ կալանաւորուած են, մնացեալ չորսը` ազատ արձակուած: Անոնք կը մեղադրուին «ահաբեկչական խմբաւորման անդամ ըլլալու» ամբաստանութեամբ: Ձերբակալուածներու շարքին են Միջազգային ներում կազմակերպութեան Թուրքիոյ գրասենեակի ղեկավարն ու աշխատակիցը:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել եւս դատապարտած է Թուրքիոյ մէջ գործիչներ, ներառեալ Գերմանիոյ քաղաքացի Փեթեր Սթոյտթները ձերբակալելու որոշումը` կոչ ուղղելով անմիջապէս ազատ արձակելու զինք:

Թրքական «Հիւրիիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Գերմանիա Թուրքիոյ դեսպան Ալի Քեմալ Այտընը կանչած է արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ բողոքագիր մը յղած Անգարային` Փեթեր Սթոյտթների ձերբակալման, ապա նաեւ կալանաւորման վերաբերեալ:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարթին Շեֆեր յայտնած է, թէ դեսպանին յստակ լեզուով ըսած են, որ առանց ժամանակ կորսնցնելու թրքական կողմը ազատ պէտք է արձակէ Գերմանիոյ քաղաքացին:

Շեֆեր բացարձակապէս անհիմն անուանած է իրաւապաշտպանը ահաբեկչական խմբաւորման հետ կապելու մեղադրանքները:

Շուէտ Փափաք Յայտնած Է Հանդիպելու Թուրքիոյ Մէջ
Կալանաւորուած Իր Քաղաքացիին

Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած սեմինարի մը ընթացքին խումբ մը իրաւապաշտպաններու ձերբակալման, ապա նաեւ կալանաւորման առնչութեամբ: Կալանաւորուած իրաւապաշտպաններէն մէկը Շուէտի քաղաքացի Ալի Քարաւին է: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ «Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը:

«Պոլսոյ մէջ մեր գլխաւոր հիւպատոսարանը, Անգարայի մէջ մեր դեսպանատունն ու Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը զգաղին այս խնդիրով», յայտարարած է Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեսիքա Կարփվալ: Ան յայտնած է, որ իրենք փափաք յայտնած են հանդիպիլ կալանաւորուած շուէտացի իրաւապաշտպաններուն հետ:

Շուէտացի փաստաբաններուն չեն արտօնած մասնակցիլ իրաւապաշտպաններու գործով դատական նիստին:

Ուշագրաւ է, որ Ալի Քարաւիի կինը` Լարեսա Տիքէյ յայտարարած է, որ իր ամուսինը եւ մնացեալ հինգ իրաւապաշտպանները կալանաւորելու մասին որոշումը քաղաքական շարժառիթներ ունի:

 

 

Նախորդը

Պարզանի. «Հանրաքուէն Մեր Բնական Իրաւունքն Է, Եւ Ոչ Ոքի Սպառնական Ոճը Կ՛ընդունինք»

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը 1,5 Միլիոն Եւրօ Պիտի Յատկացնէ Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Յանցագործութիւններու Հետաքննութեան Համար

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.