Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վերահաստատած է Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան նկատմամբ իր երկրին յանձնառութիւնը, այդպիսով ետդարձ կատարելով այդ համաձայնագիրը պատռելու իր նախընտրական խոստումէն:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Թրամփ միեւնոյն ժամանակ սպառնացած է Իրանի դէմ հաստատել պատժամիջոցներ, որոնք առնչուած չեն Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին, այլ` զինուորական երկու այլ ծրագիրներու:
Մինչ այդ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ զգուշացուց, որ իր երկիրը կրնայ հրաժարիլ հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութենէն, եթէ անիկա մեծ տարողութեամբ խախտուի: