Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փենթակոն. «Թուրքիոյ Կողմէ Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Մեր Ուժերու Դիրքերուն Հրապարակումը Վտանգի Կ՛ենթարկէ Զանոնք»

Յուլիս 21, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ուաշինկթըն Փոսթ» կը հաղորդէ, որ թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հրապարակած է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ուժերու դիրքերուն վերաբերեալ քարտէս մը եւ մանրամասնութիւններ, ինչ որ Փենթակոնը մղած է իր «մտահոգութիւնը» յայտնելու Անգարային:

Ամերիկեան բանակի բանբեր հազարապետ Ճոշ Ճեք յայտնած է. «Զինուորական զգայուն տեղեկութեան հրապարակումը դաշնակից ուժերը կ՛ենթարկէ անհարկի վտանգի եւ կրնայ խանգարել ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնելու համար ընթացող գործողութիւնները»:

Երեքշաբթի օր «Անատոլու»-ի հրապարակած յօդուածը կը բովանդակէր քարտէս մը, որ ցոյց կու տար հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ ամերիկեան 10 ռազմակայաններ: Յօդուածը նաեւ կը ներկայացնէր իւրաքանչիւր ռազմակայանի մասին մանրամասնութիւններ, ներառեալ` զինուորներու թիւ եւ ֆրանսական մասնայատուկ ուժերու գտնուած հաւանական վայրեր:

Ճեք յայտնած է, որ քարտէսին եւ անոր ընկերակցող զեկուցումին վերաբերեալ մտահոգութիւնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ճամբով յայտնուած է Անգարային:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» կը հաղորդէ, որ յօդուածէն հատուածներ կը թուին չորեքշաբթի կէսօրէ ետք վերցուած ըլլալ:

Նախորդը

Գերմանիան Կը Փոխէ Թուրքիոյ Նկատմամբ Իր Քաղաքականութիւնը

Յաջորդը

Քուէյթ Իրանի Դեսպանն Ու 14 Իրանցի Դիւանագէտներ Արտաքսեց

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»
Միջազգային

Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»
Միջազգային

Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?