ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ երկուշաբթի օր Նիւ Եորքի Միջազգային յարաբերութիւններու հարցերով խորհուրդին մէջ արտասանած իր խօսքին ընթացքին յայտարարած է, որ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան մասին հանրաքուէն պատճառ պիտի դառնայ աղէտալի հետեւանքներու:
«Մենք չենք կարծեր, որ հանրաքուէն ճիշդ ընտրութիւն է: Մենք կը կարծենք, որ ատիկա պիտի առաջնորդէ Իրաքի մէջ կեդրոնախոյս ուժերու աճին: Ատիկա երկրին համար պիտի ըլլայ աղէտ մը, որ պիտի չսահմանափակուի քիւրտ բնակչութեամբ», յայտարարած է Զարիֆ:
«Իրաքի անվտանգութեան եւ շրջանին մէջ անվտանգութեան համար հետեւանքները պիտի ըլլան աղէտալի», աւելցուցած է իրանեան դիւանագիտութեան պետը:
Ան նշած է, որ Թեհրան «Իրաքի Քիւրտիստանի իր ընկերներուն խորհուրդ տուած է այդ ընտրութիւնը չընել»: Զարիֆ նաեւ վստահութիւն յայտնած է, որ «շրջանին մէջ քիւրտերուն դէմ ուղղուած քաղաքականութիւնը պիտի առաջնորդէ անցանկալի հետեւանքներու»: