Եւրոպական Միութիւնը 6 Ամիսով Երկարաձգեց Ռուսիոյ Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները
Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները երէկ համաձայնեցան յաւելեալ վեց ամիսով երկարաձգել ռուս աւելի քան 2500 կազմակերպութիւններու եւ անհատներու, ներառեալ` նախագահ Վլատիմիր Փութինի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները: Համաձայնութիւնը գոյացած է, երբ Հունգարիան ու Սլովաքիան հրաժարած են շարք մը անձեր սեւ ցուցակէն վերցնելու իրենց պահանջներէն: Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլասի համաձայն, նոր պատժամիջոցներու թիրախ պիտի ըլլայ Ռուսիոյ ուժանիւթային...




















