Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Հըժրի. «Ինքնորոշման Իրաւունքը Սրբազան Է, Եւ Մեր Գողցուած Գիւղերը Պէտք Է Իրենց Ժողովուրդին Վերադարձուին»

Սեպտեմբեր 6, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ մէջ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Հիքմաթ Հըժրի խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Այսօր ձեր դիմաց կը կանգնինք յանուն արժանապատուութեան, իրաւունքի եւ ազատութեան, խօսելով յանուն ժողովուրդի մը, որ տառապանքներէն ուժաթափուեցաւ, սակայն յոյսը չկորսնցուց: Ժողովուրդ մը, որ նահատակներ տուաւ, վէրքերը դարմանեց, հիասթափութիւնը դիմակայեց անսասան համբերատարութեամբ եւ անկոտրում կամքով»:

Ան յայտարարեց իրենց «կառչածութիւնը առեւանգեալներու հարցին, եւ կը պահանջեն անոնց անմիջական, առանց նախապայմաններու ազատ արձակումը, որովհետեւ ատիկա քաղաքական ըլլալէ առաջ մարդասիրական հարց է, եւ մեր բոլորին սրտերը արիւնող վէրք»:

«Մեր գողցուած գիւղերն ու հողերը պէտք է վերադառնան անոնց բնիկ ժողովուրդին, եւ իրաւունքը ժամանակի տեւողութեան կամ սակարկութեան հետեւանքով չի մարիր», յայտնեց շէյխ Հըժրի եւ առնչակից պետութիւններուն, միջազգային ու մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններուն կոչ ուղղեց` «անմիջապէս նպաստելու մեր աւերուած գիւղերու վերաշինութեան, անոնց բնակիչներուն այդտեղ վերադառնալէն ետք եւ ձմրան եղանակը հասնելէն առաջ»:

Սուրիոյ մէջ տիւրզիներու հոգեւոր պետը նշեց, որ իրենք պատրաստ են «մեր շրջանի հարցերը ղեկավարելու, ինչ որ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը կ՛երաշխաւորէ եւ մեր դիմացող ժողովուրդին արդարութիւն եւ բարգաւաճում կ՛ապահովէ»` նշելով. «Մեր ժողովուրդը իր ազատ կամքը արտայայտեց ունենալու անկախ գոյացութիւն մը, որ կ՛երաշխաւորէ միջազգային օրէնքի եւ յառաջադէմ պետութիւններու արժեչափերու ծածկոյթին տակ արժանապատիւ կեանքը: Աշխատանոցները փաստագրեցին մեր ժողովուրդի զաւակներուն դէմ գործուած ոտնձգութիւններուն մեծամասնութիւնը, եւ ահաբեկիչներուն մեր բռնագրաւուած գիւղերէն հեռանալուն կը սպասենք, որպէսզի յաւելեալ փաստագրում կատարենք` հակառակ ժամանակաւոր կառավարութեան իր գործած ոճիրներուն` հրկիզումին, սպանութեան, աւերման եւ միջազգայնօրէն արգիլուած նիւթերու օգտագործման հետքերը ծածկելու փորձերուն»:

Ան շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներուն ու անոնց նախագահ Տանըլտ Թրամփին, Իսրայէլին եւ անոր վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին, եւրոպական դաշինքի պետութիւններուն, «մեր քիւրտ եղբայրներուն եւ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանի մեր ալեւի եղբայրներուն, որոնք այս ահաբեկչական կառավարութեան բռնաճնշումէն տառապեցան»` կոչ ուղղելով աշխատանք տանելու միջազգային անցակէտերը բանալու` «Սուէյտայի մէջ մեր զաւակներուն դէմ հաստատուած կազմակերպուած պաշարումը քանդելու համար»:

«Ինքնորոշման իրաւունքը սրբազան իրաւունք է, որ երաշխաւորուած է միջազգային օրէնքով, եւ անկէ ետդարձ պիտի չկատարենք, ինչ ալ ըլլան զոհաբերութիւնները: Պիտի շարունակենք պայքարը, մինչեւ որ մեր ժողովուրդին ապահովենք անվտանգ, արժանապատիւ եւ արդար ապագայ մը», յայտարարեց Սուրիոյ մէջ տիւրզիներու հոգեւոր պետ շէյխ Հիքմեթ Հըժրի:

Նախորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Պաշտպանէ 2026 Թուականի «Ազգային Պաշտպանական Իրաւասութիւններու Աքթ»-ի Հայանպաստ Փոփոխութիւնները

Յաջորդը

Փութին. «Պատրաստ Ենք Ուքրանիոյ Հետ Վեհաժողովի, Եւ Զայն Գումարելու Լաւագոյն Վայրը Մոսկուան Է»

RelatedPosts

Թրամփ. «Համասի Հետ Բանակցութիւնները Չափազանց Յաջող Էին Եւ Արագօրէն Յառաջ Կ՛ընթանան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համասի Հետ Բանակցութիւնները Չափազանց Յաջող Էին Եւ Արագօրէն Յառաջ Կ՛ընթանան»

Հոկտեմբեր 7, 2025
Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»

Հոկտեմբեր 7, 2025
Արաղչի. «Գահիրէի Համաձայնութիւն»-ը Պատժամիջոցներու Հաստատումէն Ետք Դադրած Է Գործելէ»
Միջազգային

Արաղչի. «Գահիրէի Համաձայնութիւն»-ը Պատժամիջոցներու Հաստատումէն Ետք Դադրած Է Գործելէ»

Հոկտեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?