Միջազգային

Էրտողան. «Իրաքի Քրտաբնակ Շրջանը Կրնայ Ունեցած Ինքնավարութիւնն Ալ Կորսնցնել»

Էրտողան. «Իրաքի Քրտաբնակ Շրջանը Կրնայ Ունեցած Ինքնավարութիւնն Ալ Կորսնցնել»

Իրաքի մէջ անհրաժեշտ է տարածքային ամբողջականութեան հիմքի վրայ հասնիլ համաձայնութեան եւ միասնական ջանքերով ապագայ կառուցել, յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»: Թուրքիոյ նախագահը իր արտասանած խօսքին մէջ, անդրադառնալով Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ անկախութեան շուրջ հանրաքուէի կայացման, յայտնած է, թէ անկախութեան պահանջները շրջանին մէջ հերթական ճգնաժամերու առիթ պիտի...

«Քիւրտիստանի Հանրաքուէն Եւ Շրջանին Մէջ  Սահմաններու Փոփոխութիւնը  Երկու Վտանգաւոր Հարցեր Են»  Կ՛ըսէ Ռուհանի

«Քիւրտիստանի Հանրաքուէն Եւ Շրջանին Մէջ Սահմաններու Փոփոխութիւնը Երկու Վտանգաւոր Հարցեր Են» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ հիւլէական ծրագիրին շուրջ գոյացած համաձայնութիւնը կրնայ աշխարհի վրայ խաղաղութեան հաստատման բնորդ մը ըլլալ: Ռուհանի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին ըսաւ, որ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի հանրաքուէն եւ շրջանին մէջ սահմաններու փոփոխութիւնը երկու շատ վտանգաւոր հարցեր են: Կութիերես իր կարգին յայտնեց. «Մենք վճռականօրէն կը զօրակցինք Իրաքի հողային ամբողջականութեան եւ իրաքեան...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի 72-րդ Նստաշրջան.  Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Պիտի Կործանեն  Հիւսիսային Քորէան, Եթէ  Ստիպուին Իրենք Զիրենք Պաշտպանել»

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի 72-րդ Նստաշրջան. Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Պիտի Կործանեն Հիւսիսային Քորէան, Եթէ Ստիպուին Իրենք Զիրենք Պաշտպանել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի կործանեն Հիւսիսային Քորէան, եթէ ստիպուին իրենք զիրենք, կամ իրենց դաշնակիցները պաշտպանել: ՄԱԿ¬ի Ընդհանուր ժողովին առջեւ արտասանած իր առաջին ճառին ընթացքին ան ձաղկեց Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընը` յայտնելով. «Հրթիռի մարդը անձնասպանական առաքելութեան մէջ է»: Թրամփ նաեւ քննադատեց Իրանը` յայտնելով, որ...

Իսրայէլ Վար Առաւ Կոլանի Վերեւ Թռիչք  Կատարող Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Իսրայէլ Վար Առաւ Կոլանի Վերեւ Թռիչք Կատարող Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ «Փաթրիոթ» տիպի հակաօդային հրթիռ մը վար առած է անօդաչու թռչող սարք մը, որ փորձած է մուտք գործել բռնագրաւեալ Կոլանի օդային տարածք: Լրատուամիջոցները աւելցուցին, որ սարքը կը ղեկավարուէր Հըզպալլայի կողմէ: Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն, իսրայէլեան օդուժի օդանաւերը շտապ կերպով կանչուած են դիմակայելու անօդաչու թռչող սարքը, որ թռիչք առած է Դամասկոսի միջազգային օդակայանէն` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ գտնուող իսրայէլեան...

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ի.  Թուրքիան Ժապհաթ Նուսրայի Դէմ  Իր Ճակատամարտի Յայտարարութեան  Ժամկէտը Ճշդած Է

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ի. Թուրքիան Ժապհաթ Նուսրայի Դէմ Իր Ճակատամարտի Յայտարարութեան Ժամկէտը Ճշդած Է

Իտլիպէն աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած են. «Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ օրերը վճռական ըլլան Դամասկոսի ազատագրութեան մարմինին (Ժապհաթ Նուսրա, «Ա.») դէմ թրքական ճակատամարտի պատկերին յստակացման առումով»: Այդ ճակատամարտին պատրաստուելու սկսած են շուրջ երեք հազար զինեալներ սուրիական ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներէ, որոնք Ժապհաթ Նուսրայի ճնշումներուն ենթարկուելով քայքայուած են: Աղբիւրները կը նշեն. «Բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ Անգարա տուած է ժամկէտի յայտարարութեան...

Այսօր ՄԱԿ-ի Մէջ «Վեցեակ»-Իրան  Նախարարական Հանդիպում

Այսօր ՄԱԿ-ի Մէջ «Վեցեակ»-Իրան Նախարարական Հանդիպում

Այսօր Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Վեցեակ»-ի (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Բրիտանիա, Չինաստան, Ֆրանսա եւ Գերմանիա) եւ Իրանի նախարարական հանդիպումը` նուիրուած Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ համաձայնագիրի գործադրման ընթացքին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այդ մասին ըսուած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական ծառայութեան յայտարարութեան մէջ: «Միացեալ համապարփակ գործողութիւններու ծրագիրի իրագործման շուրջ «Վեցեակ»-ի եւ Իրանի նախարարական հանդիպումը 20...

Եըլտըրըմ. «Թող Ոչ Ոք Փորձէ Մեր Հարաւային Սահմանին Վրայ Նոր Գործ Բանալ»

Եըլտըրըմ. «Թող Ոչ Ոք Փորձէ Մեր Հարաւային Սահմանին Վրայ Նոր Գործ Բանալ»

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ` մեկնաբանելով Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէին հարցը սպառնացած է իրաքցի քիւրտերուն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը: Թուրքիոյ վարչապետը յայտարարած է, որ «Իրաքի կամ Սուրիոյ տարածքին անկախ պետութիւն հիմնելու երազանքով տարուածները» պէտք է պատրաստ ըլլան համարժէք հակահարուածի, եթէ սպառնալիքի տակ դնեն Թուրքիոյ սահմաններուն անվտանգութիւնը: «Թող ոչ ոք փորձէ մեր հարաւային սահմանին վրայ նոր գործ...

Քրտական Հանրաքուէէն Մէկ Շաբաթ Առաջ.  Թուրքիա Հիւսիսային Իրաքի Հետ  Սահմանին Մօտ Ռազմափորձեր Կը Կատարէ

Քրտական Հանրաքուէէն Մէկ Շաբաթ Առաջ. Թուրքիա Հիւսիսային Իրաքի Հետ Սահմանին Մօտ Ռազմափորձեր Կը Կատարէ

Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ նախատեսուած անկախութեան հանրաքուէէն մէկ շաբաթ առաջ թրքական բանակը յայտարարեց, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը երէկ Իրաքի հետ սահմանին վրայ ռազմափորձերու սկսած են: Թրքական բանակի սպայակոյտը յայտարարեց, որ ռազմափորձերը ընթացք առած են Սիլոփի-Խապուր շրջանին մէջ: Թուրքիոյ բանակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Իրաքի հետ սահմանին վրայ «ծայրայեղական խմբաւորումներուն» դէմ գործողութիւնները պիտի շարունակուին ռազմափորձերուն զուգահեռ: Նշենք, որ Թուրքիոյ...

Ազրպէյճան Չեխիայէն  Նոր Հրետանիներ Ձեռք Բերած Է

Ազրպէյճան Չեխիայէն Նոր Հրետանիներ Ձեռք Բերած Է

Ազրպէյճան Չեխիայէն նոր հրետանիներ ձեռք բերած է: Չեխական արտադրութիւն եղող «ՏԱՆԱ» հրետանիները, զորս փորձագէտները կ՛անուանեն «Դժոխք անիւներու վրայ», մատակարարուած են Ազրպէյճանին եւ 18 սեպտեմբերին ներառուած այնտեղ կատարուող լայնածաւալ ռազմափորձերուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը: Չեխիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է լուրը:

21 Սեպտեմբերին` ՄԱԿ-ի Մէջ Սուրիոյ  Նուիրուած Նախարարական Հանդիպում

21 Սեպտեմբերին` ՄԱԿ-ի Մէջ Սուրիոյ Նուիրուած Նախարարական Հանդիպում

ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ Ընդհանուր ժողովի ընդհանուր քաղաքական բանավէճերու ծիրին մէջ 21 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Սուրիոյ նուիրուած բարձր մակարդակի միջազգային հանդիպում: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», ԹԱՍՍ-ի հետ բացառիկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն դեսպան Վասիլի Նեպենզիա: «Սուրիոյ ճգնաժամին նուիրուած միջազգային հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 21 սեպտեմբերին. անիկա տեղի պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի Խնամակալութեան...

«Ռուսիա Ուաշինկթընին Պիտի Չարտօնէ  Հիւսիսային Քորէայի Դէմ Որեւէ Զինուորական  Գործողութիւն Կատարել»  Կ՛ըսէ Քոսաչեւ

«Ռուսիա Ուաշինկթընին Պիտի Չարտօնէ Հիւսիսային Քորէայի Դէմ Որեւէ Զինուորական Գործողութիւն Կատարել» Կ՛ըսէ Քոսաչեւ

Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Քոնսթանթին Քոսաչեւ յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ անոնց դաշնակիցներուն կողմէ Հիւսիսային Քորէայի դէմ որեւէ զինուորական գործողութիւն կրնայ Փիոնկիանկը ստիպել իր բոլոր կարելիութիւններով հակադարձելու: Ան նշեց, որ Ռուսիան Ուաշինկթընի եւ անոր դաշնակիցներուն պիտի չարտօնէ իր սահմաններուն մօտ այդպիսի փորձ մը կատարել: «Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարութիւնը իր կարելին պիտի ընէ այդ արտաքին միջամտութենէն ինքզինք պաշտպանելու համար»,...

ԵԱՀԿ-ը Պատրաստ Է Ռուսիոյ Եւ Միացեալ  Նահանգներու Միջեւ Խնդիրներու  Լուծման Հարթակ Դառնալու

ԵԱՀԿ-ը Պատրաստ Է Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ Խնդիրներու Լուծման Հարթակ Դառնալու

ԵԱՀԿ-ը պատրաստ է հարթակ դառնալու Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրները լուծելու համար, անհրաժեշտ է, որ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա միջազգային բոլոր կազմակերպութիւններուն կարելիութիւնները աւելի աշխուժօրէն օգտագործեն բանակցելու համար: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս կարծիքը յայտնած է ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկըր: «Այո՛, հաստատ, ատիկա բաւական ակներեւ է, յատկապէս երբ կը տեսնենք, թէ որքա՛ն քաղաքականացուած են այս երկու երկիրներուն...

Սուրիական Զինեալ Խմբաւորումներու Հեռացման  Շուրջ Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Ամման Համաձայնութի՞ւն

Սուրիական Զինեալ Խմբաւորումներու Հեռացման Շուրջ Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Ամման Համաձայնութի՞ւն

Հաւաստի աղբիւրներ «Մայատին»-ին յայտնած են, որ Ռուսիան, Միացեալ Նահանգներն ու Յորդանանը համաձայնութիւն գոյացուցած են սուրիական ընդդիմադիր «Ահմատ Ապտօ» եւ «Ասուատ Շարքիյա» զինեալ խմբաւորումները` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռիւներուն մասնակցութեան համար, երկու հանգրուանով Դամասկոսի հարաւարեւելեան գիւղական շրջանէն Հասաքէի հարաւային գիւղական շրջան եւ Տէր Զօր փոխադրելու շուրջ: Գոյացած համաձայնութեան ծիրին մէջ նշեալ զինեալ խմբաւորումները իրենց տրամադրութեան տակ եղող «Թաու» տիպի հրթիռներն ու բազմափող հրթիռային...

ՄԱԿ-ը Պիտի Միջամտէ Թուրքիոյ Մէջ  Կալանաւորուած Լրագրողներու` Մարդկային  Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին Մէջ  Քննուող Գործերու Ընթացքին

ՄԱԿ-ը Պիտի Միջամտէ Թուրքիոյ Մէջ Կալանաւորուած Լրագրողներու` Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին Մէջ Քննուող Գործերու Ընթացքին

ՄԱԿ-ը Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած լրագրողներու` Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ քննուող գործերու ընթացքին միջամտելու իրաւունք ստացած է: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը: ՄԱԿ-ը, մասնաւորաբար, իրաւունք ստացած է մասնակցելու 10 դատական գործերու, որոնց շրջանակին մէջ պիտի քննուին Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած շարք մը լրագրողներու դատական գործերը, որոնց շարքին կան նաեւ երկրի գլխաւոր ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը լրագրողները: Յիշեցնենք, որ 11 նոյեմբեր...

Թուրքիա Եւ Ժապհաթ Նուսրա Իրենց Ուժերը  Կը Կուտակեն Սուրիա-Թուրքիա Սահմանին Վրայ

Թուրքիա Եւ Ժապհաթ Նուսրա Իրենց Ուժերը Կը Կուտակեն Սուրիա-Թուրքիա Սահմանին Վրայ

Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ թրքական բանակը կը շարունակէ ուժեր ուղարկել Ալեքսանտրեթի նահանգ, Սուրիոյ հետ սահման: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ երէկ Ալեքսանտրեթի գնացքի կայարան հասած են թրքական յաւելեալ ուժեր` ամրապնդելու համար Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ արդէն իսկ գտնուող թրքական ուժերը: Ըստ լրատու գործակալութեան, շուրջ 80 զրահապատ մեքենաներ ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ բեռնատարներով փոխադրուած են սահման: Թուրքիա յաջորդաբար չորրորդ օրն ըլլալով...

«Քրտական Մարզի Անկախութիւնը Կը Նշանակէ  Անոր Հետ Կնքուած Բոլոր Ապահովական  Ու Զինուորական Համաձայնութեանց Աւարտը»  Կ՛ըսէ Շամխանի

«Քրտական Մարզի Անկախութիւնը Կը Նշանակէ Անոր Հետ Կնքուած Բոլոր Ապահովական Ու Զինուորական Համաձայնութեանց Աւարտը» Կ՛ըսէ Շամխանի

Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի յայտնեց, որ Թեհրան միայն իրաքեան մէկ կառավարութիւն եւ միացեալ Իրաք կը ճանչնայ: Շամխանի ըսաւ, որ իր երկիրը` իբրեւ «Իրաքի մէջ քիւրտ եղբայրներուն բարեկամ ու դաշնակից, ամէնէն դժուար պահերուն անոնց կողքին կանգնած երկիր, կը կարծէ, որ Քիւրտիստանի մարզի անջատումը չի բխիր մարզին շահերէն»: Հանրաքուէի կայացման «Իրաքի դրացիներուն ընդդիմութիւնը հանրաքուէին յաջորդող փուլին մարզին համար...

«Քրիստոնեաները Հիւրեր Չեն, Առանց Անոնց  Բազմազանութեամբ Օժտուած  Սուրիա Գոյութիւն Չունի»  Ըսաւ Ասատ

«Քրիստոնեաները Հիւրեր Չեն, Առանց Անոնց Բազմազանութեամբ Օժտուած Սուրիա Գոյութիւն Չունի» Ըսաւ Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «Սուրիոյ մէջ ասորի երիտասարդներու ընդհանուր հանդիպում 2017»-ի մասնակիցներուն հետ Ուղղափառ ասորիներու Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքին ներկայութեամբ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց. «Քրիստոնեաները հիւրեր կամ գաղթական թռչուններ չեն, անոնք հայրենիքի գոյութեան հիմն են, առանց անոնց մեր գիտցած բազմազանութեամբ օժտուած Սուրիան գոյութիւն չունի: Փոխարէնը, առանց Սուրիոյ անոնք հող եւ հաստատ գոյութիւն չունին»: «Սուրիան գոյակցութեան երկիր է եւ ոչ թէ...

Եակլանտ Կ՛առաջարկէ Ազրպէյճանը  Հեռացնել Եւրոպական Խորհուրդէն

Եակլանտ Կ՛առաջարկէ Ազրպէյճանը Հեռացնել Եւրոպական Խորհուրդէն

Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ առաջարկած է Ազրպէյճանը հեռացնել Եւրոպական խորհուրդէն: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Ազատլիք» լրատու գործակալութիւնը: Եակլանտ անդրադարձած է 2013-ին Ազրպէյճանի մէջ բողոքի ցոյցերու մասնակցելու եւ ազրպէյճանական իշխանութիւնները քննադատելու պատճառով ձերբակալուած գործիչ Իլկար Մամետովի գործին: Եւրոպական դատարանի դատաւորները բացայայտած էին, որ Մամետով ձերբակալուած է Ազրպէյճանի իշխանութիւնները քննադատելուն համար եւ քաղաքական շարժառիթներով, սակայն Ազրպէյճանի կառավարութիւնը մերժած է...

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը  Կ՛այցելէ Իսրայէլի  Ռազմարդիւնաբերական Կեդրոնները

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը Կ՛այցելէ Իսրայէլի Ռազմարդիւնաբերական Կեդրոնները

«Ռազմ.ինֆօ» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ հինգշաբթի, 14 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Իսրայէլ կատարած իր այցելութեան ծիրին մէջ այցելած է նաեւ այդ երկրի ռազմարդիւնաբերութեան շարք մը կեդրոններ: Հասանով հանդիպումներ ունեցած է իսրայէլեան ռազմարդիւնաբերական ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ` քննարկելով զինուորական արհեստագիտութեան մարզին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Զաքիր Հասանով նաեւ ծանօթացած է ընկերութեանց...

Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Օդուժերու  Միացեալ Ռազմափորձեր

Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Օդուժերու Միացեալ Ռազմափորձեր

Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ զինուորական համագործակցութեան տարեկան ծրագիրին համաձայն, երկու երկիրներու օդուժերու մասնակցութեամբ տեղի պիտի ունենան «ԹուրԱզ Քարթալը-2017» թռիչքային-մարտավարական միացեալ ռազմափորձեր: Այս մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, թէ 18 սեպտեմբերին սկսելիք ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ օդուժերէն մինչեւ 30 օդանաւեր, ներառեալ «ՄիԿ-29», «Էֆ-16», «Սու-25», «Սի-130 Հերքուլես» եւ «ՔԱՍԱ ՍԻ.Էն.-235», ինչպէս նաեւ...

Page 668 of 883 1 … 667 668 669 … 883

Արխիւներ