Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Իրաքի Քրտաբնակ Շրջանը Կրնայ Ունեցած Ինքնավարութիւնն Ալ Կորսնցնել»

September 21, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի մէջ անհրաժեշտ է տարածքային ամբողջականութեան հիմքի վրայ հասնիլ համաձայնութեան եւ միասնական ջանքերով ապագայ կառուցել, յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»:

Թուրքիոյ նախագահը իր արտասանած խօսքին մէջ, անդրադառնալով Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ անկախութեան շուրջ հանրաքուէի կայացման, յայտնած է, թէ անկախութեան պահանջները շրջանին մէջ հերթական ճգնաժամերու առիթ պիտի դառնան:

«Իրաքի քրտաբնակ շրջանի ղեկավարութեան կոչ կ՛ուղղենք հրաժարելու անկախութեան հանրաքուէէն: Եթէ քիւրտ ղեկավարները արհամարհեն Թուրքիոյ դիրքորոշումը այդ հարցին մէջ, ապա արդէն եղածն ալ կրնան կորսնցնել: Շրջանին մէջ նոր լարուածութիւն յառաջացնելու փոխարէն պէտք է խաղաղութիւն ու կայունութիւն ստեղծել», նշած է Էրտողան:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Նուրէթթին Ճանիքլի յայտարարած է, թէ Իրաքի կամ Սուրիոյ մասնատումը կրնայ նոր տագնապ ստեղծել: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

«Որեւէ փոփոխութիւն, որ Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան խախտում պիտի նշանակէ, մեծ վտանգ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ համար», ըսած է Նուրէթթին Ճանիքլի:

«Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան խախտումը աւելի մեծ, միջազգային տագնապ պիտի հրահրէ», ըսած է ան:

Ճանիքլի յայտարարած է, թէ Անգարան չի կրնար արտօնել Թուրքիոյ հարաւը ազգային խումբի մը  կողմէ պետութեան մը ձեւաւորումը: «Ոչ ոք թող կասկածի. մենք պիտի ձեռնարկենք բոլոր քայլերուն, պիտի տանք բոլոր որոշումները` կանգնեցնելու համար վտանգաւոր գործօններու աճը», ըսած է ան:

Ապատի. «Հանրաքուէն Ոչ Թէ Պէտք Է Յետաձգուի,
Այլ Պէտք Է Ամբողջովին Ջնջուի»

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտարարած է, որ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի ղեկավարութիւնը ոչ թէ պէտք է յետաձգէ, այլ ամբողջովին ջնջէ անկախութեան վերաբերեալ հանրաքուէն: Ըստ Ապատիի, հանրաքուէին նպատակը Իրաքը թուլացնելն ու մասնատելն է, եւ ոչ մէկ պարագայի կրնայ ընդունելի ըլլալ:

«Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Ապատի Քրտական ինքնավար մարզի ղեկավար Մասուտ Պարզանիին յիշեցուցած է, թէ քիւրտերը Իրաքի հիւսիսային շրջանին մէջ մեծամասնութիւն չեն, եւ քիւրտ ղեկավարը բոլորին անունով հանրաքուէ կազմակերպելու իրաւունք չունի:

Ան Պարզանիին դիմելով հարց տուած է.«Միւս ազգերը ո՞ւր պիտի երթան, անոնց հետ ի՞նչ պիտի ընես»:

Իրաքի վարչապետը յայտարարած է, թէ այդ քայլով որոշ գործիչներ կրնան կրկնել Սատտամ Հիւսէյնի սխալները, որոնք պիտի թուլացնեն Իրաքը:

«Իրաքի հիւսիսէն մինչեւ հարաւ բոլոր իրաքցիները ընդունած են գործող սահմանադրութիւնը: Բոլոր պետական ատեանները ձեզ զգուշացուցած են, որ այս հանրաքուէն կը հակասէ այս սահմանադրութեան: Բոլորին պէս դուք ալ պէտք է շարժիք երկրին օրէնքով», շեշտած է Ապատի:

 

Նախորդը

Նիւ Եորքի Մէջ. «Լիբանանեան Բանակին Հասած Օժանդակութիւնները Կարեւոր Են` Իր Առաքելութիւնը Շարունակելու Համար» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Սպիտակ Տունը Կը Հերքէ. «Թրամփ Ներում Հայցեց Թիկնապահներուս Մեղադրման Համար» Ըսաւ Էրտողան

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.