Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիական Զինեալ Խմբաւորումներու Հեռացման Շուրջ Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Ամման Համաձայնութի՞ւն

Սեպտեմբեր 19, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւաստի աղբիւրներ «Մայատին»-ին յայտնած են, որ Ռուսիան, Միացեալ Նահանգներն ու Յորդանանը համաձայնութիւն գոյացուցած են սուրիական ընդդիմադիր «Ահմատ Ապտօ» եւ «Ասուատ Շարքիյա» զինեալ խմբաւորումները` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռիւներուն մասնակցութեան համար, երկու հանգրուանով Դամասկոսի հարաւարեւելեան գիւղական շրջանէն Հասաքէի հարաւային գիւղական շրջան եւ Տէր Զօր փոխադրելու շուրջ:

Գոյացած համաձայնութեան ծիրին մէջ նշեալ զինեալ խմբաւորումները իրենց տրամադրութեան տակ եղող «Թաու» տիպի հրթիռներն ու բազմափող հրթիռային համակարգերը յանձնած են ամերիկեան կողմին: Համաձայնութեան առաջին հանգրուանին անոնք պիտի դադրեցնեն Սուրիոյ բանակին դէմ բոլոր կռիւները եւ հեռանան Յորդանան, որմէ ետք պիտի տեղափոխուին Շատատի` մասնակցելու համար Հասաքէի հարաւային գիւղական շրջանին ու Տէր Զօրին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռիւին:

Համաձայնութեան երկրորդ փուլին օտար ուժերը պիտի հեռանան Սուրիա-Յորդանան սահմանին վրայ գտնուող Թանաֆ զօրակայանէն, շրջանը կը մնայ ապազինեալ գօտի մինչեւ գաղթականներու կացութեան կարգաւորումն ու Նըսէյպ սահմանային անցքը Սուրիոյ կառավարութեան յանձնումը:

Աղբիւրները նշեցին, որ, համաձայնութեան հիմամբ, Սուրիոյ բանակին կը յանձնուին զինեալ խմբաւորումներուն 900 դիրքերը, բացի Թանաֆ շրջանէն:

Նախորդը

ՄԱԿ-ը Պիտի Միջամտէ Թուրքիոյ Մէջ Կալանաւորուած Լրագրողներու` Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին Մէջ Քննուող Գործերու Ընթացքին

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ը Պատրաստ Է Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ Խնդիրներու Լուծման Հարթակ Դառնալու

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր  Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Ժողով Մը Պիտի Գումարէ
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Ժողով Մը Պիտի Գումարէ

Դեկտեմբեր 9, 2025
Թրամփ. «Որոշ Չափով Հիասթափուած Եմ,  Որովհետեւ Զելենսքին Տակաւին  Խաղաղութեան Ծրագիրը Չէ Կարդացած»
Միջազգային

Թրամփ. «Որոշ Չափով Հիասթափուած Եմ, Որովհետեւ Զելենսքին Տակաւին Խաղաղութեան Ծրագիրը Չէ Կարդացած»

Դեկտեմբեր 9, 2025
Փեսքով. «Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Կողմերը  Հետզհետէ Աւելի Կը Հասկնան,  Թէ Պէտք Է Լռութեան Մէջ Աշխատին»
Միջազգային

Փեսքով. «Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Կողմերը Հետզհետէ Աւելի Կը Հասկնան, Թէ Պէտք Է Լռութեան Մէջ Աշխատին»

Դեկտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?