Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի կործանեն Հիւսիսային Քորէան, եթէ ստիպուին իրենք զիրենք, կամ իրենց դաշնակիցները պաշտպանել:
ՄԱԿ¬ի Ընդհանուր ժողովին առջեւ արտասանած իր առաջին ճառին ընթացքին ան ձաղկեց Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընը` յայտնելով. «Հրթիռի մարդը անձնասպանական առաքելութեան մէջ է»:
Թրամփ նաեւ քննադատեց Իրանը` յայտնելով, որ անիկա «փտած բռնատիրութիւն» մըն է, որ նպատակադրած է Միջին Արեւելքը ապակայունացնել:
Ան իրանեան կառավարութեան կոչ ուղղեց դադրելու ահաբեկչութեան աջակցիլը, ինչպէս նաեւ դարձեալ քննադատեց իր նախորդին` Պարաք Օպամայի օրով կնքուած` Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերող համաձայնութիւնը, զոր կոչեց ամօթ մը:
Ըստ անոր, իրանեան կառավարութիւնը կը ձգտի «մահ եւ քանդում» սփռել, մինչ անոր ժողովուրդը փոփոխութիւն կ’ուզէ: «Միացեալ Նահանգներու զինուորական հզօրութեան կողքին… Իրանի ղեկավարութիւնը ամէնէն շատ կը վախնայ Իրանի ժողովուրդէն», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Վենեզուելայի տագնապին` Թրամփ յայտնեց, որ անիկա «անընդունելի» է, եւ իր երկիրը «ձեռնածալ մնալով պիտի չդիտէ»:
Թրամփ քննադատեց ընկերվարութիւնը իբրեւ գաղափարախօսութիւն` յայտնելով, որ ընկերվարութիւնը միայն «տառապանք, աւեր եւ ձախողութիւն» բերած է: