Ազրպէյճան Չեխիայէն նոր հրետանիներ ձեռք բերած է: Չեխական արտադրութիւն եղող «ՏԱՆԱ» հրետանիները, զորս փորձագէտները կ՛անուանեն «Դժոխք անիւներու վրայ», մատակարարուած են Ազրպէյճանին եւ 18 սեպտեմբերին ներառուած այնտեղ կատարուող լայնածաւալ ռազմափորձերուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը:
Չեխիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է լուրը:


