Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եակլանտ Կ՛առաջարկէ Ազրպէյճանը Հեռացնել Եւրոպական Խորհուրդէն

September 18, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ առաջարկած է Ազրպէյճանը հեռացնել Եւրոպական խորհուրդէն: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Ազատլիք» լրատու գործակալութիւնը:

Եակլանտ անդրադարձած է 2013-ին Ազրպէյճանի մէջ բողոքի ցոյցերու մասնակցելու եւ ազրպէյճանական իշխանութիւնները քննադատելու պատճառով ձերբակալուած գործիչ Իլկար Մամետովի գործին:

Եւրոպական դատարանի դատաւորները բացայայտած էին, որ Մամետով ձերբակալուած է Ազրպէյճանի իշխանութիւնները քննադատելուն համար եւ քաղաքական շարժառիթներով, սակայն Ազրպէյճանի կառավարութիւնը մերժած է զինք ազատ արձակել:

Եակլանտ պահանջած է, որ մարդու իրաւունքներու ծիրին մէջ Եւրոպական դատարանի որոշումները չկատարելու եւ քաղաքական բանտարկեալը ազատ չարձակելու պատճառով Ազրպէյճանի դէմ կատարուին օրէնսդրական յստակ քայլեր:

«Եւրոպայի մէջ քաղաքական բանտարկեալ պէտք չէ ըլլայ: Բարձրագոյն դատարանը տուած է որոշում, որ Իլկար Մամետովի ձերբակալութիւնը անօրինական է, եւ մենք պէտք չէ հանդուրժենք այն հանգամանքը, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը զինք ազատազրկած է», ըսած է Եակլանտ:

«Արդէն ժամանակն է լրջօրէն մտածելու, արդեօք Ազպէյճանը, իբրեւ Եւրոպական խորհուրդի անդամ, կ՛ուզէ՞ կատարել այս կազմակերպութեան նկատմամբ ստանձնած յանձնառութիւնները, թէ՞ ոչ», հարց տուած է ան:

Եակլանտ կոչ ուղղած է Ազրպէյճանի դէմ կիրարկելու Եւրոպական խորհուրդի ուխտի թիւ 46,4 կէտը, որուն կիրարկումը կ՛ենթադրէ Ազրպէյճանի հեռացումը մարդու իրաւունքներու այդ կառոյցէն:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը Կ՛այցելէ Իսրայէլի Ռազմարդիւնաբերական Կեդրոնները

Յաջորդը

«Քրիստոնեաները Հիւրեր Չեն, Առանց Անոնց Բազմազանութեամբ Օժտուած Սուրիա Գոյութիւն Չունի» Ըսաւ Ասատ

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.