Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ նախատեսուած անկախութեան հանրաքուէէն մէկ շաբաթ առաջ թրքական բանակը յայտարարեց, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը երէկ Իրաքի հետ սահմանին վրայ ռազմափորձերու սկսած են:
Թրքական բանակի սպայակոյտը յայտարարեց, որ ռազմափորձերը ընթացք առած են Սիլոփի-Խապուր շրջանին մէջ:
Թուրքիոյ բանակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Իրաքի հետ սահմանին վրայ «ծայրայեղական խմբաւորումներուն» դէմ գործողութիւնները պիտի շարունակուին ռազմափորձերուն զուգահեռ:
Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կիրակի օր յայտնեց, որ այս շաբաթ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի հետ` քննարկելու համար հանրաքուէին նկատմամբ իրենց մտավախութիւնները:
Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ շաբաթ օր յայտնած էր, թէ 25 սեպտեմբերին նախատեսուած հանրաքուէն իր երկրին համար «ազգային անվտանգութեան» հարց մըն է` զգուշացնելով, որ Թուրքիա անոր դէմ պիտի որդեգրէ անհրաժեշտ քայլերը:
Թուրքիա Եւ Ֆրանսա Հակազդումի Ծրագիր Կը Մշակեն
Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Էմանուէլ Մաքրոն Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէի կայացման հակազդելու միացեալ նախաձեռնութիւն կը մշակեն: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», գրած է թրքական «Հապերթիւրք» օրաթերթը` յղում կատարելով բարձրաստիճան դիւանագիտական աղբիւրներու:
Օրաթերթին տուեալներով, Էրտողան Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ մտադիր է այդ հարցը հանգամանօրէն քննարկել Մաքրոնի հետ եւ առաջարկել գործողութիւններու եռափուլ ծրագիր մը:
Անգարայի կողմէ քրտական հանրաքուէին հակազդելու քայլերուն ճշգրիտ բովանդակութիւնը պիտի ձեւակերպուի 22 սեպտեմբերին` Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին: Իսկ առայժմ Էրտողան մտադիր է Փարիզին առաջարկել` իբրեւ առաջին քայլ հանդէս գալ 25 սեպտեմբերին նշանակուած հանրաքուէն չկատարելու Էրպիլին ուղղուած միացեալ կոչով:
Եթէ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզը ատոր համաձայնի, ապա Անգարա եւ Փարիզ քիւրտերու եւ Պաղտատի միջեւ միջնորդութիւն կը կատարեն քրտական մարզի, Քերքուքի նման վիճելի շրջաններու բնակչութեան սահմանադրական իրաւունքներու իրականացման հարցերուն մէջ եւ կը նախապատրաստեն համապատասխան ճանապարհային քարտէս, որ պիտի դառնայ այդ նախաձեռնութեան երկրորդ կէտը:
Իրաքի Դաշնակցային Դատարանը Հանրաքուէի Պատրաստութիւնը
Դադրեցնելու Վճիռ Կ՛արձակէ
Իրաքի դաշնակցային դատարանը վճիռ մը արձակեց` պահանջելով դադրեցնել Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէի պատրաստութիւնը, մինչեւ անոր սահմանադրականութիւնը վիճարկող դատական հայցերուն աւարտը:
Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի դաշնակցային դատարանին դիմում ներկայացուցած էր արտայայտուելու Իրաքէն որեւէ մարզի կամ նահանգի անջատման հակասահմանադրական ըլլալու հարցին շուրջ, ինչպէս նաեւ Քրտական ինքնավար մարզի անջատման հանրաքուէի պատրաստութիւնները կասեցնելու դատական հրաման արձակելու:
Դատարանը այսպիսով բաւարարեց Իրաքի վարչապետին պահանջը:


