Երէկ առաւօտեան Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ բացուեցան մարզի անկախութեան շուրջ հանրաքուէի քուէարկութեան կեդրոնները, որոնց առջեւ կանուխէն հաւաքուեցան քուէարկողները:
Քուէարկութիւն տեղի ունեցաւ մայրաքաղաք Էրպիլի, ինչպէս նաեւ մարզի այլ շրջաններուն մէջ, որոնց շարքին` վիճելի Քերքուք քաղաքին եւ Տիալի նահանգին մէջ վիճելի Խանքէյն քաղաքին մէջ:
Քուէարկողները այս առիթով Էրպիլի կեդրոնական շրջանին մէջ քուէարկութեան գլխաւոր կեդրոններէն մէկուն առջեւ ոչխարի զենում կատարեցին` իբրեւ ուրախութեան արտայայտութիւն:
Հանրաքուէի մասնակիցները հրաւիրուած էին «Այո՛» կամ «Ո՛չ» պատասխանելու հետեւեալ հարցումին. «Կ՛ուզէ՞ք, որ Քիւրտիստանի մարզը եւ մարզին վարչական տարածքէն դուրս եղող քրտական շրջանները անկախ պետութիւն դառնան»:
Հանրաքուէին արդիւնքը պիտի յայտարարուի յառաջիկայ 72 ժամուան ընթացքին:
Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի իրաքեան զինեալ ուժերուն հրամայեց քիւրտերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ քաղաքացիները պաշտպանելու բռնի ուժի եւ սպառնալիքի տակ քուէարկութենէն:
Հանրաքուէին ընթացք առնելէն անմիջապէս ետք, թրքական իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ կը փակեն Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին հետ Խապուր սահմանային անցքը: Իրան իր կարգին փակեց քրտական մարզին հետ իր օդային եւ ցամաքային սահմանները:
Իրաքեան խորհրդարանը քարիւղի ընկերութիւններէն պահանջեց դադրեցնել վիճելի տարածքներուն մէջ իրենց աշխատանքները:
Ռուսիոյ եւ Իրանի նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Հասան Ռուհանի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շեշտեցին, որ կը զօրակցին Իրաքի միութեան եւ կայունութեան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի միջամտէ, եթէ Իրաքի մէջ թիւրքմէնները յարձակումի թիրախ դառնան:



