Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտարարեց, որ իր երկիրը կը մերժէ Քրտական ինքնավար մարզին հետ անկախութեան հանրաքուէի արդիւնքին շուրջ բանակցութիւններ կատարել` վերահաստատելով, որ այդ հանրաքուէն հակասահմանադրական է:
«Դաշնակցային դատարանը արգիլեց հանրաքուէն` հակասահմանադրական ըլլալուն համար», նշեց ան` աւելցնելով. «Մենք պատրաստ չենք հանրաքուէին արդիւնքը քննարկելու կամ նկատի ունենալու»:
«Հանրաքուէին արդիւնքը ո՛չ մենք, ո՛չ ալ այլ կողմ պիտի ընդունի, եւ ատիկա պիտի մնայ ապարդիւն», նշեց Ապատի` աւելցնելով, որ իրենք պիտի խստացնեն միջոցառումները ընդդէմ հանրաքուէն կազմակերպողներուն եւ ոչ թէ քիւրտ քաղաքացիներուն:
«Մենք բռնի ուժի կիրարկումով ստեղծուած կացութիւն պիտի չպարտադրենք, այլ պիտի դիմենք սահմանադրութեան», ըսաւ Իրաքի վարչապետը` նշելով. «Միայն Դաշնակցային դատարանն է , որ տարակարծութիւնը կը լուծէ»:



