Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուս զինուորական խորհրդականներու խումբի ղեկավարը` զօրավար-հազարապետ Վալերի Ասափով սպաննուած է ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ ռմբակոծման պատճառով:
Ասափով կը գտնուէր սուրիական զօրքերու հրամանատարական կէտին մէջ, ուր օգնութիւն կը ցուցաբերէր Տէր Զօր քաղաքի ազատագրման գործողութեան:
Ռուսական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ զօր.Ասափով արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ ուքրանական բանակը պարտութեան մատնած գործողութեան հրամանատարը եղած է:



