Պոլսոյ մէջ Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը հակաահաբեկչական գործողութիւն մը կատարելով ձերբակալած է 36 անձեր, որոնցմէ 31-ը օտարերկրացիներ են: Անոնց շուրջ կասկածներ կան ՏԱՀԵՇ-ին անդամակցելու առնչութեամբ:
Թրքական «Անատոլու» պետական լրատու գործակալութեան հաղորդումով, գործողութիւնը կատարուած է միաժամանակ Պոլսոյ 15 հասցէներու մէջ:
Ձերբակալուածներու քաղաքացիութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր, սակայն կը նշուի, թէ անոնց մէկ մասը եղած է Սուրիոյ ու Իրաքի մէջ եւ ՏԱՀԵՇ-ի շարքերուն մէջ մասնակցած զինուորական գործողութիւններու:
Միւս կողմէ, Անգարայի մէջ Կիւլենի կազմակերպութեան հետ առնչութեան կասկածանքով ձերբակալուեցան 43 ներկայ եւ նախկին բանակայիններ: