Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Միաձայնութեամբ Կը Մերժէ Եւ Կը Զգուշացնէ. Ուաշինկթըն Եւ Անգարա Կը Վերահաստատեն Իրաքի Քրտական Մարզի Հանրաքուէին Իրենց Մերժումը

September 23, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վերահաստատեցին Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէին իրենց մերժումը եւ զգուշացուցին անոր ունենալիք վտանգաւոր հետեւանքներէն:

Սպիտակ տունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Էրտողան եւ Թրամփ «քիւրտերուն կոչ կ՛ուղղեն բանակցելու բոլոր առկախ հարցերուն շուրջ եւ Ուաշինկթընի ու Անգարայի աջակցութեան պատրաստակամութիւնը կը յայտնեն»:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը իր կարգին միաձայնութեամբ յայտարարեց, որ կը մերժէ երկուշաբթի, 25 սեպտեմբերին նախատեսուած հանրաքուէն` զգուշացնելով. «Այդ միակողմանի քայլը կայունութիւնը պիտի քայքայէ»:

Ապահովութեան խորհուրդը վերահաստատեց «Իրաքի գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան ու անվտանգութեան» իր կառչածութիւնը:

Նշենք, որ քրտական մարզի Հանրաքուէի բարձրագոյն խորհուրդը կը մերժէ յետաձգել հանրաքուէն` զայն «փոխարինող այլընտրանք մը չստանալուն պատճառով»: Քրտական մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի իր կարգին նշած էր, որ հանրաքուէի կայացման որոշումը Քիւրտիստանի ամբողջ ժողովուրդին որոշումն է եւ անոր յետաձգումը կախեալ է հանրաքուէէն «աւելի լաւը եղող այլընտրանքի մը ներկայացումէն»:

Թուրքիոյ, Իրանի եւ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարները հինգշաբթի օր հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը` նշելով, թէ հանրաքուէն չի բխիր քրտական մարզի եւ անոր կառավարութեան շահերէն եւ յայտարարեցին, որ համաձայնած են հանրաքուէի կայացման դէմ համակարգուած քայլերու ձեռնարկել:

Նախորդը

Իսրայէլ Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանին Մերձակայքը Հարուածեց

Յաջորդը

Նաքուրայի Մէջ. Զօր. Պերի Նախագահեց Եռակողմանի Ընթացիկ Նիստին

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.