Միացեալ Նահանգներ, Հարաւային Քորէա եւ Աւստրալիա երէկ ծովուժերու միացեալ ռազմափորձի սկսած են հարաւային քորէական Չէյճուտօ կղզիին մօտ` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Սէուլ այցելութեան նախօրեակին: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է հարաւային քորէական ծովուժի հրամանատարութիւնը:
Եռօրեայ ռազմափորձերուն կը մասնակցին չորս նաւեր` կառավարուող թրթիռներով եւ «Իճիս» ռատարի համակարգով «Սեճոն» հարաւային քորէական մարտանաւը, ամերիկեան «Չաֆի» մարտանաւը, ինչպէս նաեւ աւստրալիական «Մելպըռն» եւ «Փարամաթա» յածանաւերը:
Կ՛ակնկալուի, որ ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին եզերապահ «Փի-3» օդանաւերը եւ «Մի-60» ուղղաթիռները:
Հարաւային Քորէայի ծովուժի հրամանատարութիւնը յայտարարած է, որ ռազմափորձերուն նպատակը միացեալ ծովուժերու կողմէ հիւսիսային քորէական հիւլէական զէնքի եւ զանգուածային ոչնչացման այլ զէնքերու ներմուծման եւ արտահանման կանխարգիլման եւ Հիւսիսային Քորէայի հակաիրաւական սադրիչ գործողութիւններուն վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերու կատարման ապահովումն է:
Ռազմափորձերը կ՛ընթանան ասիական երկիրներ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի շրջագայութեան զուգահեռ: Թրամփ այսօր պիտի այցելէ Հարաւային Քորէա:


