Ֆրանսայի իշխանութիւնները քաղաքական համաձայնութիւն գոյացուցած են 2018-ին Նոր Քալիտոնիոյ ինքնորոշման հարցով հանրաքուէին շուրջ: Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի վարչապետ Էտուար Ֆիլիփ` «Պէ.Էֆ.Էմ.Թէ.Վէ.» պատկերասփիւռի կայանէն:
Անկախութեան մասին հանրաքուէի կայացումը կը նախատեսուէր 1998-ին ստորագրուած Խաղաղական ովկիանոսին մէջ արշիպեղաքոսի հետեւողական ապագաղութացման մասին համաձայնագիրով:
Հանրաքուէի յստակ թուականը տակաւին չէ որոշուած, սակայն անիկա պէտք է կայանայ նոյեմբեր 2018-էն ոչ ուշ:
Նոր Քալիտոնիան Ֆրանսայի յատուկ վարչատարածքային միաւոր է, որ կը գտնուի Խաղաղական ովկիանոսի հարաւարեւմտեան հատուածին մէջ` համանուն կղզիին վրայ: Անոր բնակչութեան թիւն է 245 հազար: