Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աթամպայեւ Կրնայ Քանդել Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնը. Ասթանայի Եւ Պիշքեքի Միջեւ Առեւտրական Պատերազմ Կը Հասուննայ» Կը Գրէ «Նեզավիսիմայա Կազեթա»

November 7, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խըրխըզիստանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան համաձայն, նախագահ Ալմազպեք Աթամպայեւ մեկնած է կարճատեւ արձակուրդի` մինչեւ 2040 թուական կայուն զարգացման ազգային ռազմավարութիւնը մշակելու համար: Այնուամենայնիւ, Աթամպայեւի աշխատանքային դադարին իսկական պատճառը Ղազախստանի հետ սահմանին գոյութիւն ունեցող խնդիրներն են, որոնք չեն լուծուիր, ինչպէս նաեւ Տալասի մէջ սրուած իրավիճակը, ուր անցեալ կիրակի օր բողոքի հերթական հաւաքը կայացած է: Փորձագէտներու կարծիքով` այս իրադարձութիւնները յղի են ներքաղաքական իրավիճակի սրումով, ինչպէս նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութենէն (ԵՏՄ) Խըրխըզիստանի դուրս գալով: Այս մասին կը գրէ ռուսական «Նեզաւիսիմայա Կազեթա» օրաթերթը:

Տալասի մէջ հաւաքի մասնակիցները նախագահէն պահանջած են ներում հայցել իրենց հասցէին հնչած մեղադրանքներուն համար: Աթամպայեւ նախապէս զանոնք մեղադրած է 15 հոկտեմբերին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան մէջ պարտութիւն կրած թեկնածու Օմուրպեք Պապանովին աջակցող ցոյցեր կազմակերպելու յանցանքով:

Տալասցիները նաեւ իշխանութիւններէն պահանջած են կարճ ժամկէտներու մէջ լուծել Խըրխըզիստան-Ղազախստան սահմանին վրայ գոյացող հերթերու խնդիրը: Անոնց պահանջներուն միացած են երկրի ամբողջ տարածքէն բեռնատարներու վարորդներ, որոնք մնացած են Ղազախստանի հսկիչ-անցակէտերուն վրայ: Խըրխըզիստանի գործատէրերը հսկայական կորուստներ կը կրեն` օրեր տեւող հերթերու պատճառով:

Սահմանին վրայ խճողումներ յառաջացած են Ղազախստանի կողմէ խըրխըզական արտադրութեան խստացուած ստուգումներուն պատճառով: Կիրակի օր Ալմաթիի մէջ Ղազախստանի առողջապահական ծառայութիւնները խանութներէն եւ պահեստներէն գրաւած ու ոչնչացուցած են 127,8 քիլոկրամ խըրխըզական պանիր, որ իբրեւ թէ չի համապատասխաներ արժեչափերուն: Այժմ սահմանին վրայ արգելափակուած կը մնայ խըրխըզական գիւղատնտեսական ամբողջ արտադրութիւնը, որուն մէջ յայտնաբերուած են «վնասակար միջատներ»:

Ղազախստանի կողմէ սահմանին հսկողութիւնը խստացնելէն ետք, Աթամպայեւ 12 երկիրներու դեսպաններէն հաւատարմագիրներ ստանալու արարողութեան ընթացքին յայտարարած է, որ հիասթափուած է ԵՏՄ-էն:

Ան նշած է, որ պէտք է փնտռել այլ փոխադրական միջանցքներ, որ անհրաժեշտ է արագացնել Թուրքմենիստան, ապա Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի ելքով Չինաստան-Խըրխըզիստան-Ուզպեքիստան ինքնաշարժի ճամբուն կառուցումը` շրջանցելով Ռուսիան ու Ղազախստանը: Աթամպայեւի տրամադրութիւնը կարճ ժամանակ ետք արտայայտուած է նաեւ հրամանագիրին մէջ, որուն համաձայն Խըրխըզիստանի մէջ 7 նոյեմբերին պիտի նշուի պատմութեան եւ նախնիներու յիշատակի օրը` նուիրուած 1916-ի ազգային- ազատագրական շարժումին եւ 30-ական թուականներու բռնաճնշումներու զոհերուն:

Մոսկուան կտրուկ կերպով արձագանգած է: Տումայի փոխնախագահ Իկոր Լեպետեւ նշած է, թէ այդ հրամանագիրը նման է երեսին թքելուն եւ իբրեւ պատասխան քայլ առաջարկած է ջնջել Խըրխըզիստանի քաղաքացիներու` հայրենիքի մէջ ստացած վարորդական իրաւունքները Ռուսիոյ տարածքին օգտագործել արտօնող օրէնքը:

Խըրխըզիստանի մէջ նախագահական ընտրութիւններու ընթացքին երկրի եւ Ղազախստանի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած են, ապա տեղի ունեցած է դիւանագիտական գայթակղութիւն` ընդդիմութենէն Խըրխըզիստանի նախագահի թեկնածու Օմուրպեք Պապանովի հետ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հանդիպումին պատճառով: Աթամպայեւ յայտարարած է, որ այդ ձեւով Ղազախստանը կը միջամտէ Խըրխըզիստանի ներքին գործերուն:

Խըրխըզիստանի եւ Ղազախստանի սահմանին վրայ իրավիճակը սրած է 10 հոկտեմբերին, երբ Ղազախստանի իշխանութիւնները ուժեղացուցած են անցակէտերուն վրայ հսկողութիւնը: Այս պատճառով ալ սահմանի Խըրխըզիստանի կողմը կուտակուած են մեծ թիւով մարդիկ եւ բեռնատարներ:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ, Հարաւային Քորէա Եւ Աւստրալիա Ծովուժերու Միացեալ Ռազմափորձի Սկսած Են

Յաջորդը

Թուրք Պաշտօնատար Մը Կը Սպառնայ Փայլանի

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.