Միջազգային

Թրամփ Հրահանգած Է Խստացնել Միացեալ  Նահանգներ Մուտքի Համար  Գաղթականներու Ընտրութեան Ծրագիրը

Թրամփ Հրահանգած Է Խստացնել Միացեալ Նահանգներ Մուտքի Համար Գաղթականներու Ընտրութեան Ծրագիրը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ հրահանգած է առաւել եւս խստացնել գաղթականներու ընտրութեան ծրագիրը, որով կ՛արտօնեն մուտք գործել Միացեալ Նահանգներ: «Ես հրահանգած եմ, որ ներքին անվտանգութեան նախարարութիւնը ուժեղացնէ ընտրութեան արդէն իսկ ծայրայեղ ծրագիրը: Քաղաքական բարեկրթութիւնը լաւ է, սակայն ոչ այս պարագային», գրած է Թրամփ: Ան չէ բացատրած, թէ արդեօք ատիկա կապուա՞ծ է Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան,...

Մաքրոն Ֆրանսայի Մէջ Արտակարգ  Դրութեան Աւարտը Յայտարարեց

Մաքրոն Ֆրանսայի Մէջ Արտակարգ Դրութեան Աւարտը Յայտարարեց

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Մաքրոն յայտարարեց, որ Փարիզի մէջ 2015-ին արձանագրուած ահաբեկչական յարձակումներու շարքէն ետք երկրին մէջ հաստատուած երկամեայ արտակարգ դրութիւնը վերջ կը գտնէ: Նշենք, որ արտակարգ դրութիւնը վեց անգամ երկարաձգուած էր: «Մենք որոշեցինք 1 նոյեմբերէն չեղեալ յայտարարել արտակարգ դրութիւնը, որ երկրին մէջ սահմանուած է երկու տարի առաջ», յայտնեց Մաքրոն: Ֆրանսայի նախագահը նոյն ատեն ստորագրեց ծայրայեղութեան դէմ պայքարի լիազօրութիւնները ընդլայնող օրէնք...

Էրտողան. «Պաքու-Թիֆլիս-Կարս Երկաթուղիին  Ռազմավարական Մեծ Նշանակութիւն  Եւ Հզօր Կարողականութիւն Ունի»

Էրտողան. «Պաքու-Թիֆլիս-Կարս Երկաթուղիին Ռազմավարական Մեծ Նշանակութիւն Եւ Հզօր Կարողականութիւն Ունի»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ երկուշաբթի օր ներկայ գտնուած էր Ազրպէյճանի մէջ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիին բացման հանդիսաւոր արարողութեան, նախագիծը անուանած է «շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան երաշխիք»: Այս մասին կը գրէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը: «Այս նախագիծը կատարուած է մեծ ջանքերով, նուիրուածութեամբ, շատ քրտինք թափուած է ատոր համար: Մենք կ՛ապրինք աշխարհի սիրտը հանդիսացող շրջանին մէջ, որ ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ու հզօր...

Քալիֆորնիոյ Մէջ Անտառային Հրդեհներուն  Պատճառած Վնասը Գերազանցած Է  Մրցանշային 3,3 Միլիառ Տոլարը

Քալիֆորնիոյ Մէջ Անտառային Հրդեհներուն Պատճառած Վնասը Գերազանցած Է Մրցանշային 3,3 Միլիառ Տոլարը

Քալիֆորնիոյ հիւսիսը այս ամրան ծագած աւերիչ անտառային հրդեհներէն կալուածներուն հասած վնասներուն պատճառով ապահովագրական ընկերութիւններու դիմումներու գումարը գերազանցած է մրցանշային 3,3 միլիառ տոլարի նշագիծը: «Արմէնփրես»` մէջբերելով «ՄարքեթՈւաչ»-ը, կը հաղորդէ, որ ասիկա հրդեհներու մեծագոյն վնասն է Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ: «Ապահովագրական վնասները հասած են շշմեցնող 3 միլիառ տոլարի եւ անկասկած անոնք պիտի աւելնան, որովհետեւ փոխհատուցման պահանջները կը շարունակեն ներկայացուիլ», յայտարարած է պետական...

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Սահմանադրական Յանձնախումբը Վաւերացուց «Ցեղասպանութիւն» Եզրը Արգիլող Օրէնքի Թղթածրարը

Թրքական Խորհրդարան. «Ուաշինկթըն Թուրքիոյ Մէջ 50 Հիւլէական Ռումբեր Ունի»

Թրքական խորհրդարանը «Հիւլէական զէնքերու հաշուարկ» խորագիրով իր զեկուցումին մէջ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ մէջ 50 հիւլէական զէնքեր ունին»: «Միացեալ Նահանգներ հիւլէական զէնքեր կը պահեն օդուժի վեց ռազմակայաններու մէջ, որոնք կը գտնուին հիւլէական զէնքեր չունեցող ՕԹԱՆ-ի անդամ հինգ երկիրներու մէջ, որոնք են` Պելճիքան, Գերմանիան, Իտալիան, Հոլանտան եւ Թուրքիան», ըսուած է զեկուցումին մէջ:

«Ներքին Ու Արտաքին Բոլոր Սահմանները Պէտք Է  Առանց Բացառութեան Մնան Իրաքեան  Կառավարութեան Վերահսկողութեան Տակ»  Կ՛ըսէ Ապատի

«Ներքին Ու Արտաքին Բոլոր Սահմանները Պէտք Է Առանց Բացառութեան Մնան Իրաքեան Կառավարութեան Վերահսկողութեան Տակ» Կ՛ըսէ Ապատի

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի բրիտանական «Տը Ինտիփենտընթ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «կը փորձենք անապատը մինչեւ Սուրիոյ հետ սահման մաքրել ՏԱՀԵՇ խմբաւորումի անդամներէն»` նշելով, որ իրաքեան ուժերը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կը պայքարին երեք տարիէ ի վեր, այսինքն` այն օրէն, երբ ահաբեկչական խմբաւորման զինեալները սկսան վտանգել Պաղտատը: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Սուրիայէն Իրան երկարող քիւրտերուն հետ վիճելի տարածք եղող...

Այսօր Թեհրանի Մէջ  Փութին-Ռուհանի-Ալիեւ Հանդիպում.  Փութին Հանդիպում  Պիտի Ունենայ Նաեւ Խամենէիի Հետ

Այսօր Թեհրանի Մէջ Փութին-Ռուհանի-Ալիեւ Հանդիպում. Փութին Հանդիպում Պիտի Ունենայ Նաեւ Խամենէիի Հետ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր Թեհրան իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում պիտի ունենայ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի հետ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այդ մասին երէկ յայտնեց Փութինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Վաղը նախագահը պիտի աշխատի Իրանի մէջ... Ռուս-իրանեան երկկողմանի բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան: Նախագահը Թեհրան հասնելէ ետք հանդիպում պիտի ունենայ Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռուհանիիի հետ, կը...

Քաթալոնիոյ Նախագահը Կը Գտնուի  Պելճիքա` Ազատ Խօսիլ Կարենալու Համար

Քաթալոնիոյ Նախագահը Կը Գտնուի Պելճիքա` Ազատ Խօսիլ Կարենալու Համար

Քաթալոնիոյ պաշտօնազրկուած նախագահ Քարլես Փուչտեմոն երէկ յայտնեց, որ Պելճիքա չ՛այցելեր ապաստան ստանալու համար: Ան յայտնեց, որ չի փորձեր արդարադատութենէն փախուստ տալ, այլ կ՛ուզէ ազատ խօսելու կարելիութիւնը ունենալ: Փուչտեմոն Պելճիքայի մէջ տուած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նաեւ յայտնեց, որ պիտի ընդունի Սպանիոյ կառավարութեան կողմէ դեկտեմբերին Քաթալոնիոյ մէջ յայտարարուած կանխահաս ընտրութիւններուն արդիւնքը: Ան չնշեց, թէ մինչեւ ե՛րբ պիտի մնայ Պելճիքա, սակայն յայտնեց,...

Մանհաթընի Մէջ 6 Զոհ Եւ 15 Վիրաւոր

Մանհաթընի Մէջ 6 Զոհ Եւ 15 Վիրաւոր

Երէկ երեկոյեան ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ Մանհաթընի մէջ վրայերթի եւ արձակուած կրակոցներու պատճառով արձանագրուած է 6 զոհ եւ 15 վիրաւոր: Ամերիկեան ոստիկանութիւնը յայտարարած է, թէ արկածին հետ կը վարուի իբրեւ ահաբեկչական արարք:

Տոհուքի Մէջ Հրկիզուած Են Քրտական  Ընդդիմադիր Կուսակցութիւններու  Երկու Կեդրոններ

Տոհուքի Մէջ Հրկիզուած Են Քրտական Ընդդիմադիր Կուսակցութիւններու Երկու Կեդրոններ

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի Տոհուք նահանգին մէջ հրկիզուած են ընդդիմադիր կուսակցութիւններու երկու կեդրոններ, որոնցմէ մէկը կը պատկանի Քրտական ազգային միութիւն կուսակցութեան, իսկ միւսը` Փոփոխութիւն շարժումին: Քրտական մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի յայտարարեց, որ չորեքշաբթի, 1 նոյեմբերին պիտի հեռանայ նախագահի պաշտօնէն: Ան յայտնեց. «Իրաքի Քիւրտիստան մարզի անջատման շուրջ հանրաքուէին նպատակը մեր հարցերուն խաղաղ լուծումներ գտնելն...

«Դամասկոս Պատրաստ Է Քաղաքական  Լուծման Մէջ Յառաջդիմութեան Համար  Բարեփոխումներ Կատարելու»  Կ՛ըսէ Լաւրենթիեւ

«Դամասկոս Պատրաստ Է Քաղաքական Լուծման Մէջ Յառաջդիմութեան Համար Բարեփոխումներ Կատարելու» Կ՛ըսէ Լաւրենթիեւ

Ասթանայի մէջ միջսուրիական բանակցութիւններուն Ռուսիոյ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ յայտարարեց. «Դամասկոս պատրաստ է (սուրիական տագնապի) քաղաքական լուծման մէջ յառաջդիմութեան համար սահմանադրական բարեփոխումներ կատարելու եւ այլ միջոցառումներ որդեգրելու»: Ան յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ քննարկած է փոխանցման փուլը` նշելով, որ Ասատ կը գիտակցի սուրիական տագնապի լուծման համար ազգային երկխօսութեան ձեռնարկման կարեւորութիւնը: Լաւրենթիեւ յոյս յայտնեց, որ քանի մը շաբթուան ընթացքին վերջ...

Պաքուի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ  Պաքու-Թիֆլիս-Կարս Երկաթուղիին

Պաքուի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս Երկաթուղիին

Ազրպէյճանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Պաքուի միջազգային նաւահանգիստէն առաջին գնացքի մեկնելու արարողութեան Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրով ներկայ գտնուած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, Ղազախստանի վարչապետ Պաքըթճան Սակինթայեւ, Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլի եւ Ուզպեքիստանի վարչապետ Ապտուլլա Արիփով: Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղային ճամբան Եւրոպան եւ Ասիան կապող կամուրջ է: Այդ մասին յայտարարած է Վրաստանի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց...

«Ռաքքան Տակաւին Բռնագրաւուած Է  Եւ Կ՛ազատագրուի Միայն Սուրիական  Բանակին Քաղաք Մուտք Գործելով»  Կ՛ըսէ Դամասկոս

«Ռաքքան Տակաւին Բռնագրաւուած Է Եւ Կ՛ազատագրուի Միայն Սուրիական Բանակին Քաղաք Մուտք Գործելով» Կ՛ըսէ Դամասկոս

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներուն եւ անոնց այսպէս կոչուած դաշինքին կողմէ Ռաքքա քաղաքը ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ խմբաւորումէն ազատագրելու վերաբերեալ պնդումները պարզապէս սուտեր են, որոնց նպատակը միջազգային հասարակական կարծիքին ուշադրութիւնը Ռաքքա նահանգին մէջ այդ դաշինքին ու անոր կամակատարներուն գործած ոճիրներէն շեղելն է»: «Ռաքքա քաղաքը տակաւին բռնագրաւուած է եւ զայն կարելի է ազատագրուած նկատել այն ժամանակ...

Մետվետեւ. «Երկկողմանի Համագործակցութեան  Խորացումը Կը Բխի Մոսկուայի  Եւ Անգարայի Երկարաժամկէտ Շահերէն»

Մետվետեւ. «Երկկողմանի Համագործակցութեան Խորացումը Կը Բխի Մոսկուայի Եւ Անգարայի Երկարաժամկէտ Շահերէն»

Ռուսիան ու Թուրքիան բարի դրացիական եւ բարեկամական կապեր ունին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այդ մասին երէկ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմին յղած իր ուղերձին մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ: Ռուսիոյ կառավարութեան պետը իր թուրք գործընկերոջ ուղերձ յղած է Թուրքիոյ գլխաւոր պետական տօնին` Հանրապետութեան օրուան առիթով: «Ես վստահ եմ, որ առեւտրատնտեսական, գիտա-ճարտարագիտական, մշակութային եւ մարդասիրական բնագաւառներուն մէջ մեր...

Պարզանի Չորեքշաբթի Օր Պիտի Հրաժարի

Պարզանի Չորեքշաբթի Օր Պիտի Հրաժարի

Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի երէկ մարզի խորհրդարանին նամակ մը յղելով յայտարարեց. «Կը մերժեմ նոյեմբեր մէկէն ետք Քիւրտիստանի մարզի նախագահութեան նոր նստաշրջան մը ստանձնել, կը մերժեմ նախագահութեան նստաշրջանի երկարաձգումը, պիտի շարունակեմ փեշմերկաներու շարքին զինուոր մը մնալ եւ իրաւունքներու տիրացման հարցին մէջ պիտի ըլլամ ժողովուրդի շարքերուն մէջ»: Քրտական մարզի խորհրդարանը երէկ իր նիստը մէկ ժամով ընդհատեց, երբ խորհրդարանին մէջ...

Հարիւր Հազարաւորներ Պարսելոնայի Մէջ  Ցոյց Կը Կատարեն Սպանիայէն Անջատման Դէմ

Հարիւր Հազարաւորներ Պարսելոնայի Մէջ Ցոյց Կը Կատարեն Սպանիայէն Անջատման Դէմ

Հարիւր հազարաւորներ Պարսելոնայի մէջ ցոյց կատարեցին Քաթալոնիոյ` Սպանիայէն անջատման դէմ եւ Քաթալոնիոյ վարչապետ Քարլես Փուչտեմոնի բանտարկութիւնը պահանջեցին: Մինչ ցոյցին կազմակերպիչներն ու Մատրիտը յայտնեցին, որ մասնակիցներուն թիւը աւելի քան մէկ միլիոն է, քաթալոնական ոստիկանութիւնը նշեց, որ այդ թիւը 300 հազար է: Ցուցարարները սպանական դրօշներ բարձրացուցին եւ «Կեցցէ՛ Սպանիան» եւ «Փողոցները բոլորին համար» կարգախօսները բացագանչեցին: Քաթալոնիոյ մեծագոյն ընդդիմադիր կուսակցութիւնը յայտնեց, թէ շրջանի...

«Իրան Արտադրած Է Եւ Պիտի  Շարունակէ Արտադրել Հրթիռներ»  Կ՛ըսէ Ռուհանի

«Իրան Արտադրած Է Եւ Պիտի Շարունակէ Արտադրել Հրթիռներ» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու սրումին լոյսին տակ յայտարարած է, թէ իր երկիրը անվտանգութեան նկատառումներէ մղուած` պիտի շարունակէ արտադրել հրթիռներ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահը ընդգծած է, թէ հրթիռներու արտադրութիւնը որեւէ միջազգային համաձայնագիրի խախտում չէ: Աղբիւրը կը գրէ, որ Ռուհանիի պատկերասփռուած խօսքին նախորդած են Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ սահմանուած նոր պատժամիջոցները, որոնք...

Թրամփ Մտադիր Է Հզօրացնել  Միացեալ Նահանգներու Հիւլէական Զինանոցը

Թրամփ Մտադիր Է Հզօրացնել Միացեալ Նահանգներու Հիւլէական Զինանոցը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը մտադիր է հիւլէական զէնքի բնագաւառին մէջ վարել նոր քաղաքականութիւն մը, որուն նպատակը յետ պաղպատերազմեան զինաթափման դարաշրջանին վերջ տալն է, Միացեալ Նահանգներու հիւլէական զինանոցին հզօրացումն ու զայն կիրարկելու կարելիութիւն տուող պայմաններու թուլացումը: Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ «Հիւլէական կացութեան վերատեսութեան» մասին փաստաթուղթը ներկայացուած է սեպտեմբերին` Սպիտակ տան մէջ Թրամփի եւ ազգային անվտանգութեան հարցերով...

Մերքելի Կուսակցութիւնը 2012-ին  Ազրպէյճանէն Ստացած Է  Մեծագումար Նուիրատուութիւն

Մերքելի Կուսակցութիւնը 2012-ին Ազրպէյճանէն Ստացած Է Մեծագումար Նուիրատուութիւն

Գերմանիոյ Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան Ֆրանքֆորթի շրջանային մասնաճիւղը 2012-ին ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ քարիւղի պետական ընկերութենէն ստացած է 28 հազար եւրօ` խախտելով կուսակցութիւններու նուիրատութիւններու մասին Գերմանիոյ օրէնքները: Այս մասին կը յայտնէ «Տէօչէ Վելլէ»-ն` վկայակոչելով լրատուամիջոցներու համախմբումը, որուն մաս կը կազմեն պետական պատկերասփիւռի կայաններ «Էն.Տի.Առ»-ը, «Ու.Տի.Առ»-ը եւ «Սիւտէօչէ Ցայթունկ» օրաթերթը: Ըստ «Տէօչէ Վելլէ»-ի, 3000 եւ 25000 եւրոյի չափով երկու վճարումները կատարուած են փետրուար 2012-ի...

Միացեալ Նահանգներ Մերժած Են Մուտքի  Արտօնագիրներ Տրամադրել Թուրքիոյ  Արդարադատութեան Նախարարութեան Պատուիրակութեան

Միացեալ Նահանգներ Մերժած Են Մուտքի Արտօնագիրներ Տրամադրել Թուրքիոյ Արդարադատութեան Նախարարութեան Պատուիրակութեան

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները մերժած են մուտքի արտօնագիրներ տրամադրել Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան պատուիրակութեան: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Պատուիրակութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ մուտքի արտօնագիրի ճգնաժամի շուրջ բանակցութիւններու նպատակով հոկտեմբերի վերջաւորութեան պիտի այցելէր Միացեալ Նահանգներ: Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանի աշխատակիցներուն ձերբակալումէն ետք Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը դադրեցուցած էր մուտքի արտօնագիրներու տրամադրումը: Աշխատակիցները կը մեղադրուին Թուրքիոյ մէջ յուլիս 2016-ի...

Page 657 of 883 1 … 656 657 658 … 883

Արխիւներ