Երէկ ուշ երեկոյեան ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ ամերիկեան Թեքսաս նահանգի Սաութըրլենտ քաղաքի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած է զինեալ յարձակում մը, որուն պատճառով արձանագրուած են տասնեակ մը զոհեր եւ վիրաւորներ:
Մինչեւ թերթին լոյս ընծայումը զոհերու թիւին մասին տեղեկութիւնները յստակ չէին: