Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան խորհրդարանին մէջ վէճ ունեցած է Ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի գերագոյն խորհուրդի նախագահ Իլհամ Երլիքայայի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապեր Թիւրք» օրաթերթը:
Փայլան ուշադրութեան հրաւիրած է այն փաստի վրայ, որ խորհուրդը իբրեւ դէտ ընդունած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն 4, մնացեալ կուսակցութիւններէն երկուքական երեսփոխաններ, մինչդեռ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն խորհուրդ գործուղուած է միայն մէկ երեսփոխան:
«Ձեր խիղճը հանգի՞ստ է, կը կարծէ՞ք, որ առարկայական եղած էք», հարց տուած է Փայլան Երլիքայային:
Ատոր իբրեւ պատասխան թուրք պաշտօնատարը մէջբերում կատարած է թրքական ֆիլմաշարերէն մէկուն հերոսին խօսքերէն եւ հայազգի երեսփոխանին ըսած. «Ամէն ինչ կրնայիր ըսել, սակայն ասիկա դուն պէտք չէր ըսէիր»:
Թրքական «Կազեթետուվար» կայքը Փայլանին ըսուած այս խօսքերը որակած է իբրեւ հեգնական ոճով կատարուած սպառնալիք:
Թուրք պաշտօնատարը նաեւ յայտարարած է, որ իր ղեկավարած կառոյցը գործած է բոլորովին անաչառ` եթերէն վերցնելով անպարկեշտ ու մարդոց կրօնական զգացումները անարգող հաղորդումներն ու շարժանկարները, ինչպէս նաեւ փակելով պատկերասփիւռի շարք մը կայաններ:


