Միջազգային

Էրտողան.«Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ  Գործողութիւնները Կ՛ընթանան Այնպէս,  Ինչպէս Ծրագրած Էինք»

Էրտողան Սոչիի Վեհաժողովին Ընթացքին Պիտի Ներկայացնէ Աֆրինը Գրաւելու Զինուորական Ծրագիր Մը

Դիւանագիտական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած են, թէ կը նախատեսուի, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սոչիի վեհաժողովին ընթացքին ներկայացնէ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող Աֆրին շրջանը գրաւելու թրքական զինուորական ծրագիր մը: Գործողութիւնը «Եփրատի Վահան» գործողութեան նման պիտի կատարուի Սուրիական ազատ բանակին հետ համակարգուած: Էրտողան պիտի փորձէ ապահովել Ռուսիոյ եւ Իրանի համաձայնութիւնը, մանաւանդ որ Ռուսիան Աֆրին քաղաքին մօտ...

Թուրքիոյ Փոխվարչապետին Համաձայն  Եւրոպական Միութեան Կողմէ Ելեւմտական  Օժանդակութեան Կրճատումը «Մեծ Բան Չէ»

Թուրքիոյ Փոխվարչապետին Համաձայն Եւրոպական Միութեան Կողմէ Ելեւմտական Օժանդակութեան Կրճատումը «Մեծ Բան Չէ»

Թուրքիոյ տնտեսութեան հարցերով փոխվարչապետ Մեհմետ Շիմշեք յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածուներու աջակցման ծրագիրի ծիրին մէջ Թուրքիոյ տրամադրուող ելեւմտական օգնութեան չափի կրճատումը իրենց համար որեւէ կարեւորութիւն չի ներկայացներ եւ առանձնապէս մեծ ազդեցութիւն պիտի չունենայ Թուրքիոյ տնտեսական վիճակին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը: Եւրոպացի պաշտօնատարները 2018-ի պիւտճէական ծրագիրի քննարկման ժամանակ որոշած էին 105 միլիոն եւրոյով նուազեցնել Անգարային...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը Ուաշինկթընի Մէջ ՊԱԿ-ի  Գրասենեակի Փակումը Յայտարարեց

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ուաշինկթընի Մէջ ՊԱԿ-ի Գրասենեակի Փակումը Յայտարարեց

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ուաշինկթընի մէջ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) գրասենեակի փակումը յայտարարեց: Ամերիկեան վարչակազմը ուրբաթ օր ՊԱԿ-ը տեղեակ պահած է, թէ պիտի փակէ Ուաշինկթընի մէջ անոր գրասենեակը, «եթէ չմասնակցի Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնութեան ձեռքբերման համար ուղղակի բանակցութիւններուն»: ՊԱԿ-ի գործադիր մարմինի քարտուղար Սայէպ Օրէյքաթ իր կարգին յայտնած էր. «Միացեալ Նահանգներու հետ հաղորդակցութիւնը պիտի խզենք, եթէ Ուաշինկթընի մէջ Պաղեստինի ազատագրութեան...

Լիբանան Վերապահութիւն Կը Յայտնէ.  Գահիրէի Ժողովի Մասնակիցները Կ’որոշեն  Դիմակայել Իրանն Ու «Ահաբեկչական» Հըզպալլան

Լիբանան Վերապահութիւն Կը Յայտնէ. Գահիրէի Ժողովի Մասնակիցները Կ’որոշեն Դիմակայել Իրանն Ու «Ահաբեկչական» Հըզպալլան

Երէկ Սէուտական Արաբիոյ պահանջով Գահիրէի մէջ գումարուեցաւ Արաբական լիկայի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով ժողովը: Արաբական լիկայի արտաքին գործոց նախարարներու նիստին Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ չմասնակցեցաւ: Լիբանանը ներկայացուց լիկային մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Անթուան Ազզամ: Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ ժողովի բացման նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ ժողովը կը գումարուի արտակարգ պայմանի մէջ, որովհետեւ...

Սուրիական Բանակն Ու Անոր Դաշնակիցները  Ամբողջութեամբ Կ՛ազատագրեն Պուքամալ Քաղաքը

Սուրիական Բանակն Ու Անոր Դաշնակիցները Ամբողջութեամբ Կ՛ազատագրեն Պուքամալ Քաղաքը

Սուրիական բանակն ու անոր դաշնակիցները երէկ  ՏԱՀԵՇ-էն ամբողջութեամբ ազատագրեցին Տէր Զօրի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Պուքամալ քաղաքը: Սուրիոյ դաշնակիցներու մարտական գործողութիւններու ղեկավարման գրասենեակը յայտարարեց, որ սուրիական բանակն ու դաշնակիցները աշխատանք կը տանին ՏԱՀԵՇ-ը վտարելու սուրիական հողերուն վրայ իր վերջին կեդրոնէն, եւ անոնք աւարտած են Պուքամալ քաղաքի ականազերծման աշխատանքը: Գրասենեակը յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի Պուքամալի կառավարիչ Ապու Հասան Իրաքին 150 զինեալներով քաղաքէն...

Թեհրան, Մոսկուա Եւ Անգարա Պատրաստ Են  Սուրիոյ Մէջ Խաղաղութեան Ու Կայունութեան  Հաստատման Համար Ենթահող Ապահովելու

Թեհրան, Մոսկուա Եւ Անգարա Պատրաստ Են Սուրիոյ Մէջ Խաղաղութեան Ու Կայունութեան Հաստատման Համար Ենթահող Ապահովելու

Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները երէկ Անթալիոյ մէջ Սուրիոյ հարցին շուրջ եւ երեք երկիրներուն միջեւ 22 նոյեմբերին Սոչիի մէջ նախատեսուած վեհաժողովի նախապատրաստութեան ժողով մը գումարեցին: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ յայտարարեց, որ Թեհրան, Մոսկուա եւ Անգարա պատրաստ են Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման համար ենթահող ապահովելու: Ան «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով նշեց, որ իր երկիրը...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերն Ալ Պարտուեցան

Ֆութսալ. Լիբանանի Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, որոնք կը սկսին այս շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը կատարէ իր առաջին մրցումը, երբ վաղը` կիրակի, 19 նոյեմբերին, կը մրցի Ահլի Սայտայի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Նեպիհ Պըրրիի անուան մարզադաշտին վրայ (Սայտա), պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ բաւական լաւ ձեւով...

2023-ին Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Ճիգերով  Հիւլէական Կայանի Կառուցման Ընդառաջ.  Էրտողան Հիւլէական «Աքոփօ» Կայանի  Հիմնարկէքը Պիտի Կատարէ Նոյեմբերի Վերջերը

2023-ին Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Ճիգերով Հիւլէական Կայանի Կառուցման Ընդառաջ. Էրտողան Հիւլէական «Աքոփօ» Կայանի Հիմնարկէքը Պիտի Կատարէ Նոյեմբերի Վերջերը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ կը մտադրէ ընթացիկ ամսուան վերջաւորութեան հիւլէական «Աքոփօ» կայանի հիմնարկէքը կատարել երկրի հարաւային շրջանին մէջ: Նշենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նախապէս յայտարարած էր, թէ Թուրքիա եւ Ռուսիա կը ծրագրեն հիւլէական առաջին կայանը կառուցել Աքոփոյի մէջ 2023 թուականին: Ան նաեւ յայտնած էր, որ Ռուսական հիւլէական ուժանիւթի խորհուրդը` Ռոսաթոմը, այս առնչութեամբ շուտով աշխատանքի պիտի...

Էրտողան.«Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ  Գործողութիւնները Կ՛ընթանան Այնպէս,  Ինչպէս Ծրագրած Էինք»

Էրտողան.«Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Գործողութիւնները Կ՛ընթանան Այնպէս, Ինչպէս Ծրագրած Էինք»

«Կը հաւաստիացնեմ, թէ մօտ ատենէն մեր տնտեսութիւնը պիտի վերագտնէ իր բնականոն հունը», հաստատեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ: Ըստ Էրտողանի, արտաքին ուժեր կը փորձեն կասեցնել Թուրքիոյ յառաջդիմութիւնը, «այսուհանդերձ յաջողեցանք հինգ առ հարիւրի համեմատութեամբ աճ արձանագրել», ընդգծեց ան: Անդրադառնալով շրջանային իրադարձութեանց` յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տիրող իրավիճակին, Թուրքիոյ նախագահը ըսաւ. «Այն զգայուն փուլը, որ կ՛ապրինք Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ,...

Սոչիի Վեհաժողովի Նախօրեակին  Նախարարական Մակարդակի Հանդիպում`  Անթալիոյ Մէջ

Սոչիի Վեհաժողովի Նախօրեակին Նախարարական Մակարդակի Հանդիպում` Անթալիոյ Մէջ

22 նոյեմբերին Սոչիի մէջ նախատեսուող եռակողմանի վեհաժողովին ընդառաջ, լրատուական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ շաբաթավերջին հանդիպում մը կը նախատեսուի Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի, Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ Մոհամետ Ճաւատ  Զարիֆի միջեւ, Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին հաստատեց, որ հանդիպում պիտի ունենայ իր թուրք եւ իրանցի պաշտօնակիցներուն հետ` նշելով, որ խորհրդակցութիւնները պիտի...

Բախումներ Աթէնքի Մէջ` 1973-ին Զինուորական  Իշխանութեան Դէմ Ծաւալած Արիւնալի  Ըմբոստութեան Յիշատակի Երթէն Ետք

Բախումներ Աթէնքի Մէջ` 1973-ին Զինուորական Իշխանութեան Դէմ Ծաւալած Արիւնալի Ըմբոստութեան Յիշատակի Երթէն Ետք

Երէկ Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ ոստիկանութիւնը բախում ունեցաւ դիմակաւորուած երիտասարդներու հետ: Սոյն բախումը արձանագրուեցաւ 1973-ին երկրին իշխած զինուորական խորհուրդին դէմ ծաւալած ուսանողական արիւնալի ըմբոստութեան յիշատակին հազարաւոր յոյներ համախմբած երթէն ետք: Աւելի քան 10 հազար հոգի խաղաղ քայլարշաւ մը կատարեցին դէպի Աթէնքի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն, որովհետեւ շատեր Ուաշինկթընը կ՛ամբաստանեն երկրին 7 տարի իշխած զինուորական իշխանութեան աջակցելու յանցանքով: Յունական իշխանութիւնները մօտ...

Թուրքիոյ Նախագահը  Պիտի Այցելէ Ռուսիա

Թուրքիոյ Նախագահը Պիտի Այցելէ Ռուսիա

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 22 նոյեմբերին պիտի այցելէ Ռուսիա, հաղորդեց «Արմէնփրես»` թրքական «Միլլիյէթ»-ին վերագրելով իր տեղեկութիւնները:  Էրտողան Ռուսիոյ մէջ հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Նոյն ծիրին մէջ, լրատուական աղբիւրներու համաձայն, Սուրիոյ տագնապին գծով եռակողմանի վեհաժողով կը նախատեսուի 22 նոյեմբերին Իրանի, Թուրքիոյ եւ եւ Ռուսիոյ մասնակցութեամբ: Այս գծով ցարդ յստակ չէ, թէ Իրանի կողմէ ո՞վ պիտի մասնակցի սոյն...

Փեսքով. «Քրեմլին Սուրիոյ Հարցով Իրանէն  Եւ Թուրքիայէն Պատասխանատուներ  Պիտի Հիւրընկալէ Սոչիի Մէջ»

Փեսքով. «Քրեմլին Սուրիոյ Հարցով Իրանէն Եւ Թուրքիայէն Պատասխանատուներ Պիտի Հիւրընկալէ Սոչիի Մէջ»

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ անընդունելի նկատեց զուգահեռաբար տարբեր մեկնաբանութիւն տալ «Էյփաք»-ի վեհաժողովին հաստատուած յուշագիրին: «Էյփաք»-ի վեհաժողովին նախագահներ Տանըլտ Թրամփի եւ Վլատիմիր Փութինի կողմէ հաստատուած յուշագիրը բացարձակապէս չ՛անդրադառնար Իրանի համակիր ուժերու Սուրիոյ հարաւարեւմտեան շրջանէն հեռացման: Փեսքով թելադրեց կարդալ ու հիմնուիլ նշեալ  յուշագիրի իսկական բնագիրին բովանդակութեան վրայ: Այս առիթով Փեսքով յայտարարեց, որ Քրեմլին 22 նոյեմբերին Սոչիի մէջ պիտի հիւրընկալէ Սուրիոյ հարցով...

Եըլտըրըմ. «Ոչ Մէկ Ուժ  Կրնայ Վնասել Թուրքիոյ»

Եըլտըրըմ. «Ոչ Մէկ Ուժ Կրնայ Վնասել Թուրքիոյ»

«Անոնք, որոնք չկրցան ծունկի բերել Թուրքիան, այսօր նոր հնարքներով կը շարունակեն իրենց փորձերը», յայտարարեց Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ, Անգարայի մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ: «Անոնք կը խորհին, որ կրնան մեր մեծ երկիրը ծունկի բերել` խօսելով տնտեսական տագնապի եւ անիշխանութեան բեմագրութիւններու մասին. կը սխալին, եւ անոնց բոլոր քայլերը պիտի ձախողին», աւելցուց Եըլտըրըմ` ընդգծելով, որ «աշխարհի...

Սուրիոյ Մէջ Քիմիական Նիւթերու Գոյութեան  Գծով Հետաքննութեան Երկարաձգման Շուրջ.  Ռուսիա Վեթոյի Իր Իրաւունքը Կ՛օգտագործէ

Սուրիոյ Մէջ Քիմիական Նիւթերու Գոյութեան Գծով Հետաքննութեան Երկարաձգման Շուրջ. Ռուսիա Վեթոյի Իր Իրաւունքը Կ՛օգտագործէ

Ռուսիա երէկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին օգտագործեց իր վեթոյի իրաւունքը եւ ձախողութեան մատնեց Քիմիական զէնքերու կանխարգիլման կազմակերպութեան պատուիրակութեան Սուրիոյ մէջ հետաքննութեան երկարաձգման ամերիկեան առաջարկը: Կը նախատեսուէր, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին քննարկուէին եւ քուէարկութեան դրուէին ամերիկեան եւ ռուսական անջատ առաջարկներ` նշեալ պատուիրակութեան Սուրիոյ մէջ հետաքննութեան ժամանակաշրջանի երկարաձգման առնչութեամբ: Սակայն խորհուրդի անդամները մերժած են քննել նաեւ ռուսական առաջարկը` ամերիկեան բանաձեւի քննարկումէն...

Քննադատելով Ուաշինկթընն Ու Մոսկուան`  Քըլըճտարօղլու. «Էրտողան  Կ՛աշխատի Ի Նպաստ Ասատի»

Քննադատելով Ուաշինկթընն Ու Մոսկուան` Քըլըճտարօղլու. «Էրտողան Կ՛աշխատի Ի Նպաստ Ասատի»

Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըճտարօղլու բուռն կերպով քննադատեց նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը` «Ասատին ի նպաստ գործելու» մեղադրանքով: «24 ժամը անգամ մը կեցուածք փոխելը քայլ մըն է, որ ամէն մարդ չի կրնար առնել», ընդգծեց Քըլըճտարօղլու` յայտնապէս ակնարկելով Էրտողանի Սուրիոյ տագնապին գծով ցուցաբերած փոփոխական կեցուածքին: Ըստ ընդդիմադիր ղեկավարին, Էրտողան միշտ զօրակցած էր Սուրիոյ տագնապին զինուորական լուծման, «սակայն ան իր կեցուածքը փոխեց...

Սպառնալով Սահմանափակել Իսրայէլին  Յատկացուող Օժանդակութիւնները`  Ամերիկեան Օրինագիծ Մը Կ՛արգիլէ Պաղեստինցի  Անչափահասներու Դատավարութիւնը

Սպառնալով Սահմանափակել Իսրայէլին Յատկացուող Օժանդակութիւնները` Ամերիկեան Օրինագիծ Մը Կ՛արգիլէ Պաղեստինցի Անչափահասներու Դատավարութիւնը

Ամերիկեան ծերակոյտի տասը անդամներ ներկայացուցին օրինագիծ մը, ըստ որուն Իսրայէլին կ՛արգիլուի նուազ քան 12 տարեկան պաղեստինցի մանուկներու եւ անչափահաս պատանիներու դէմ բռնարարքն ու դատական հայցը: Դեմոկրատական ծերակուտականներու կողմէ ներկայացուած օրինագիծի առաջարկին հիմամբ, արտաքին գործոց նախարարը տարին երկու անգամ ստուգում պիտի կատարէ, թէ Իսրայէլի մէջ պաղեստինցի անչափահաս մանուկներ բռնարարքի թէ դատական հետապնդումի կ՛ենթարկուի՞ն: «Այլապէս, ամերիկեան վարչամեքենան որոշ սեղմումներու պիտի ենթարկէ Իսրայէլին...

Ծոցի Տագնապի Պոռթկումէն   Ի Վեր Իր Երրորդ Այցելութեամբ.  Էրտողան Կը Վերահաստատէ  Թուրքիոյ Զօրակցութիւնը Քաթարին

Ծոցի Տագնապի Պոռթկումէն Ի Վեր Իր Երրորդ Այցելութեամբ. Էրտողան Կը Վերահաստատէ Թուրքիոյ Զօրակցութիւնը Քաթարին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Քաթարին: Ծոցի տագնապի բռնկումէն ի վեր իր երրորդ այցելութեան ընթացքին, Էրտողան Քաթարի իշխան Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանիի հետ քննարկեց շրջանային վերջին իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Թրքական եւ քաթարեան լրատուութեանց համաձայն, Թուրքիոյ նախագահը վերահաստատած է զօրակցութիւնը Քաթարին` զանազան մարզերուն, յատկապէս` ճարտարարուեստի եւ զինուորական մարզերուն մէջ: Այս առիթով Էրտողան նաեւ հաստատած...

Քսան Տարիէ Ի Վեր  Առաջին Անգամ Ըլլալով.  Ջրհեղեղ` Աթէնքի Մէջ

Քսան Տարիէ Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով. Ջրհեղեղ` Աթէնքի Մէջ

Երէկ յատկապէս Յունաստանի  մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ զօրաւոր ջրհեղեղ մը ողողեց մայրաքաղաքին արեւմտեան կողմը գտնուող երեք շրջաններու թաղամասերը: Նախնական տեղեկութեանց համաձայն, առնուազն 15 զոհ արձանագրուեցաւ նիւթական ծանր կորուստներու  եւ վնասներու կողքին: Յունաստանի մէջ ազգային սուգ հռչակուեցաւ: Վարչապետը խոստացաւ աջակցիլ ու զօրակցիլ զոհերու ընտանիքներուն եւ տագնապահար գլխաւոր երեք գիւղաքաղաքներու բնակիչներուն: Երկու տասնամեակներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով այսքան ուժեղ անձրեւային հեղեղները տագնապահար...

Իրան «Աննախընթաց Եւ Ամօթալի»  Կը Նկատէ Սէուտական Արաբիոյ Կեցուածքը

Իրան «Աննախընթաց Եւ Ամօթալի» Կը Նկատէ Սէուտական Արաբիոյ Կեցուածքը

Իրանցի բարձրաստիճան պատասխանատու մը երէկ բուռն կերպով քննադատեց սէուտական կեցուածքը` շրջանային, յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի տագնապներուն գծով: «Պատմութեան մէջ աննախընթաց եւ ամօթալի երեւոյթ է, որ իսլամական երկիր մը Իսրայէլին դիմէ եւ անկէ պահանջէ, որ Լիբանանը հարուածէ», հաստատած է իրանցի պատասխանատուն: Նշենք, որ շրջանային ու յատկապէս Սուրիոյ տագնապին լոյսին տակ հետզհետէ սուր բնոյթ ստացաւ  Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ տիրող երկարամեայ...

Page 653 of 883 1 … 652 653 654 … 883

Արխիւներ