Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեհրան, Մոսկուա Եւ Անգարա Պատրաստ Են Սուրիոյ Մէջ Խաղաղութեան Ու Կայունութեան Հաստատման Համար Ենթահող Ապահովելու

November 20, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները երէկ Անթալիոյ մէջ Սուրիոյ հարցին շուրջ եւ երեք երկիրներուն միջեւ 22 նոյեմբերին Սոչիի մէջ նախատեսուած վեհաժողովի նախապատրաստութեան ժողով մը գումարեցին:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ յայտարարեց, որ Թեհրան, Մոսկուա եւ Անգարա պատրաստ են Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման համար ենթահող ապահովելու:

Ան «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով նշեց, որ իր երկիրը Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ հետ աշխատանք կը տանի Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման համար` նշելով, որ միջսուրիական երկխօսութիւն մը կը նախապատրաստուի:

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարը դատապարտեց Սէուտական Արաբիան ահաբեկիչներուն աջակցելուն, Եմէնի դէմ պատերազմ մղելուն, Քաթարը շրջափակելուն եւ Լիբանանի մէջ խնդիրներ ստեղծելուն համար: «Եթէ Սէուտական Արաբիան փոխէ իր քանդիչ ընթացքը, կրնայ նպաստել շրջանին մէջ պատերազմի փոխարէն խաղաղութեան հաստատման»:

Լաւրով Զարիֆի հետ անջատ հանդիպումէ մը ետք իր կարգին յայտնեց. «Ժողովի ընթացքին աշխատանքը դրական էր, եւ բոլոր առանցքային հարցերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացաւ»:

«Մենք հաւաքուած էինք երեք երկիրներու նախագահներու 22 նոյեմբերին Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին նախապատրաստման որոշակի հարցեր քննարկելու համար: Աշխատանքը շատ օգտակար էր, համաձայնութիւններ ձեռք բերուած են բոլոր առանցքային հարցերուն շուրջ», ըսաւ ան:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնեց, թէ Սոչիի հանդիպումին նախօրեակին երեք երկիրներու բանակներու սպայակոյտերու պետերը պիտի ունենան հանդիպում մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկեն Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու աշխատանքի մանրամասնութիւնները:

Լաւրով նշած է, որ երեք երկիրներուն բարձրաստիճան զինուորականները մնայուն կապի մէջ են Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման չորս գօտիներու գործողութեան հարցերով, ինչպէս նաեւ կ՛աշխատին հինգերորդ գօտին ստեղծելու շուրջ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Անթալիոյ ժողովէն բխած է այն եզրակացութիւնը, թէ Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծում գտնելու ժամանակը հասած է:

 

Նախորդը

Հայ Գիրքի Համահայկական 38-րդ Ցուցահանդէսի Բացում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Սուրիական Բանակն Ու Անոր Դաշնակիցները Ամբողջութեամբ Կ՛ազատագրեն Պուքամալ Քաղաքը

RelatedPosts

Խաղաղութեան Խորհուրդի Հաստատման  Կանոնադրութեան Ստորագրութիւն` Թրամփի  Եւ Շարք Մը Միջազգային  Ղեկավարներու Ներկայութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խաղաղութեան Խորհուրդի Հաստատման Կանոնադրութեան Ստորագրութիւն` Թրամփի Եւ Շարք Մը Միջազգային Ղեկավարներու Ներկայութեան

January 23, 2026
Տաւոսի Մէջ Ուքրանական Պատուիրակութեան  Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներու Միջեւ  Հանդիպում. Քննարկուած Են Անվտանգութեան  Երաշխիքները
Գլխաւոր լուրեր

Տաւոսի Մէջ Ուքրանական Պատուիրակութեան Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներու Միջեւ Հանդիպում. Քննարկուած Են Անվտանգութեան Երաշխիքները

January 23, 2026
Անդրադառնալով Իրանի Վրայ  Յարձակումի Կարելիութեան`  Հաքըպի. «Բոլոր Ընտրանքները Սեղանի Վրայ Են,  Եւ Թրամփ Պիտի Յարգէ Իր Խոստումը»
Միջազգային

Անդրադառնալով Իրանի Վրայ Յարձակումի Կարելիութեան` Հաքըպի. «Բոլոր Ընտրանքները Սեղանի Վրայ Են, Եւ Թրամփ Պիտի Յարգէ Իր Խոստումը»

January 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.