Միջազգային

«Սուրիական Տագնապին Լուծումէն Ետք Սուրիոյ  Ժողովրդավարական Ուժերը Մաս  Պիտի Կազմեն Սուրիական Բանակին»  Կ՛ըսէ Տարրար

«Սուրիական Տագնապին Լուծումէն Ետք Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերը Մաս Պիտի Կազմեն Սուրիական Բանակին» Կ՛ըսէ Տարրար

Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու համանախագահ Ռիատ Տարրար յայտարարեց, որ այդ ուժերը Սուրիական բանակին պիտի միանան, երբ սուրիական տագնապը լուծուի: Ան քրտական «Ռուտաու» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Եթէ կ՛ուղղուինք դէպի դաշնակցային վարչակարգով միացեալ սուրիական պետութիւն, կը կարծենք, որ զէնքի եւ ուժերուն կարիք չկայ, որովհետեւ այդ ուժերը պիտի միանան Սուրիական բանակին եւ պաշտպանութեան ու արտաքին գործոց նման ուժային նախարարութիւնները կեդրոնին պիտի պատկանին,...

Ըստ Քրտական Լրատու Գործակալութեան Մը.  «Եփրատի Վահան»-ի Ուժերը Հալէպի  Արեւմտեան Գիւղական Շրջանին Մէջ  Ռուսական 3 Ուղղաթիռներ Վար Առած Են

Ըստ Քրտական Լրատու Գործակալութեան Մը. «Եփրատի Վահան»-ի Ուժերը Հալէպի Արեւմտեան Գիւղական Շրջանին Մէջ Ռուսական 3 Ուղղաթիռներ Վար Առած Են

Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներէն զինուորական աղբիւր մը քրտական «Հաուար» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ կիրակի առաւօտեան Թալ Մուսէյպին գիւղին մէջ տեղակայուած «Եփրատի վահան»-ի մասնակից խմբաւորումներու զինեալները ծանր զէնքերով կրակ բացած են Աֆրինի մէջ գտնուող իրենց զօրակայաններէն մէկուն այցելութենէ վերադարձող ռուսական երեք ուղղաթիռներու վրայ, որոնք ջախջախուած են: Ուղղաթիռներուն մէջ գտնուող ռուս զինուորներու շարքերուն մէջ արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ: Քրտական լրատու...

Էրտողան Չի Բացառեր Սուրիոյ Քիւրտերուն  Հարցով Ասատի Հետ Ապագայ Հաղորդակցութիւնը

Էրտողան Չի Բացառեր Սուրիոյ Քիւրտերուն Հարցով Ասատի Հետ Ապագայ Հաղորդակցութիւնը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ քաղաքականութեան դռները կը մնան բաց, եւ ճիշդ չէ ընդհանուր առմամբ «երբեք» ըսել: Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ քիւրտերու հարցին` Էրտողան չբացառեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ Սուրիոյ մէջ գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու հարցով ապագային հաղորդակցութեան մէջ մտնելը: Պատասխանելով թուրք լրագրողներու` Ասատի հետ այդ հարցով հաղորդակցութեան մէջ մտնելու վերաբերեալ հարցումի մը, Թուրքիոյ նախագահը յայտնած է....

Եգիպտոսի Մէջ Մզկիթի Մը Ականահարման  Պատճառով Բազմաթիւ Զոհեր Ու Վիրաւորներ

Եգիպտոսի Մէջ Մզկիթի Մը Ականահարման Պատճառով Բազմաթիւ Զոհեր Ու Վիրաւորներ

Եգիպտական լրատու աղբիւրներ հաղորդեցին, որ աւելի քան 150 անձեր, ներառեալ մանուկներ վնասուած են, երբ Սինայի հիւսիսը գտնուող Արիշի Ռաուտա մզկիթին մէջ նամազ կատարողներուն դէմ ահաբեկչական յարձակում մը կատարուած է: Երէկ ուշ գիշերուան պետական պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, յարձակումին պատճառով արձանագրուած է 235 զոհ եւ աւելի քան 135 վիրաւոր: Եգիպտական բանակը դէպքէն ետք Սինայի թերակղզիի հիւսիսային շրջանին մէջ խիստ արտակարգ դրութիւն յայտարարեց:...

«Խամենէին Նոր Հիթլեր Մըն Է,  Որուն Նկատմամբ Կարելի Չէ Աչք Փակել»  Կ՛ըսէ Պըն Սալման Իշխանը

«Խամենէին Նոր Հիթլեր Մըն Է, Որուն Նկատմամբ Կարելի Չէ Աչք Փակել» Կ՛ըսէ Պըն Սալման Իշխանը

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանը Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէին նկատեց «Միջին Արեւելքի մէջ նոր Հիթլեր մը, որուն նկատմամբ կարելի չէ աչք փակել»` նշելով, որ Ռիատ Եւրոպայէն քաղած է այն դասը, սիրաշահումը անօգուտ է: «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթի յօդուածագիրներէն Թամըս Ֆրիտմընի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին գահաժառանգ իշխանը շեշտեց. «Չենք ուզեր, որ Իրանի Հիթլերը Միջին Արեւելքի մէջ...

ԵԽԽՎ-ի Բիւրոն Ազրպէյճանի Փտածութեան  Քայլերը Հետաքննող Անկախ Մարմինի  Գործունէութիւնը Երկարաձգելու Որոշում Տուաւ

ԵԽԽՎ-ի Բիւրոն Ազրպէյճանի Փտածութեան Քայլերը Հետաքննող Անկախ Մարմինի Գործունէութիւնը Երկարաձգելու Որոշում Տուաւ

Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) բիւրոն որոշած է երկարաձգել վեհաժողովին մէջ փտածութեան վերջին իրադարձութիւնները հետաքննող անկախ մարմինի գործունէութիւնը մինչեւ 15 ապրիլ 2018: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում կատարած է ԵԽԽՎ-ի հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Արփինէ Յովհաննիսեան: «Քոփենհակընի մէջ ԵԽԽՎ-ի բիւրոյի նիստին ընթացքին որոշում տրուեցաւ երկարաձգել ԵԽԽՎ-ի մէջ փտածութեան վերջին իրադարձութիւնները հետաքննող անկախ մարմինի գործունէութիւնը մինչեւ...

«Եւրոպական Միութեան Հետ Պիելոռուսիոյ  Նոր Համաձայնագիրը Պիտի Ըլլայ  Աւելի Շուտ, Քան Աւելի Ուշ»  Կ՛ըսէ Պիելոռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Եւրոպական Միութեան Հետ Պիելոռուսիոյ Նոր Համաձայնագիրը Պիտի Ըլլայ Աւելի Շուտ, Քան Աւելի Ուշ» Կ՛ըսէ Պիելոռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Վլատիմիր Մաքէյ վստահութիւն յայտնած է Եւրոպական Միութեան հետ մօտ օրէն Պիելոռուսիոյ համագործակցութեան մասին համաձայնագիրի կնքման դրական հեռանկարին առնչութեամբ: «Պելթա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին ան Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին մասնակցելու համար Պրիւքսել հասնելէ ետք յայտարարած է լրագրողներուն: «Ես վստահ եմ, որ ատիկա (համաձայնագիրը) պիտի ըլլայ եւ պիտի ըլլայ աւելի շուտ, քան աւելի ուշ: Մենք կ՛աշխատինք...

Թուրքիան Աւարտած Է Սուրիոյ Հետ Սահմանին  Վրայ Շաղախէ Պատի Եւ Աշտարակներու Կառուցումը

Թուրքիան Աւարտած Է Սուրիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Շաղախէ Պատի Եւ Աշտարակներու Կառուցումը

Թուրքիան ամբողջութեամբ աւարտած է Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ կատարուած անվտանգութեան միջոցառումներու ծրագիրը, մասնաւորաբար` շաղախէ պատի եւ հսկողութեան աշտարակներու կառուցման աշխատանքները: «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ պատին ընդհանուր երկարութիւնն է 774 քիլոմեթր: Աղբիւրը կը մանրամասնէ, թէ պարեկային աշտարակներու վրայ հսկողութիւնը կրնան կատարել տասը զինուորներ: Սահմանային տարածքը յագեցած է նաեւ ձայնային զգայակներով, անօդաչու թռչող սարքերով, լուսաւորման համակարգերով եւ այլ...

«Հըզպալայի Զինաթափումը Բանակցելի  Չէ, Եւ Սէուտական Արաբիան  Ամերիկայի Գործիքն Է»  Կ՛ըսէ Զօր. Ժաաֆարի

«Հըզպալայի Զինաթափումը Բանակցելի Չէ, Եւ Սէուտական Արաբիան Ամերիկայի Գործիքն Է» Կ՛ըսէ Զօր. Ժաաֆարի

Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդի ղեկավար, հազարապետ Մոհամետ Ալի Ժաաֆարի ՏԱՀԵՇ-ի իշխանութեան աւարտի լոյսին տակ շրջանային զարգացումներուն նուիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Յեղափոխական պահակագունդը աշխուժ դերակատարութիւն պիտի ստանձնէ Սուրիոյ մէջ մնայուն զինադադարի հաստատման մէջ»` աւելցնելով. «Լիբանանեան Հըզպալլայի զինաթափումը բանակցելի չէ»: Ժաաֆարի մերժեց Իրանի թեւաւոր հրթիռներու ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններ կատարելու Ֆրանսայի եւ արեւմտեան այլ ուժերու պահանջները: Ըստ անոր, Ֆրանսայի նախագահին կողմէ այդ պահանջին...

Խամենէի. «Իսրայէլացիներուն Դէմ Կռուիլը  Արգիլող Կրօնական  Հրամանագիր Արձակելը Աղէտ Է»

Խամենէի. «Իսրայէլացիներուն Դէմ Կռուիլը Արգիլող Կրօնական Հրամանագիր Արձակելը Աղէտ Է»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի քննադատեց իսրայէլացիներուն դէմ կռուիլը արգիլող կրօնական հրամանագիր արձակելը` զայն նկատելով «աղէտ» մը: Խամենէի հաւատադրժողականներու հարցին նուիրուած խորհրդաժողովի մասնակից իսլամական յարանուանութեանց հարիւրաւոր կրօնաւորներու հիւրընկալման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Իսլամական աշխարհի մէջ ոմանք այս ձեւով կը վարուին` ի հեճուկս իսլամութեան շահերուն, եւ անոնք կը հակասեն Քուրանին յստակ բովանդակութեան»: Ան կոչ ուղղեց Իսրայէլի դէմ...

ՏԱՀԵՇ Կը Սպառնայ Ս. Ծնունդին Վատիկանի Մէջ  Ահաբեկչական Յարձակում Կատարել

ՏԱՀԵՇ Կը Սպառնայ Ս. Ծնունդին Վատիկանի Մէջ Ահաբեկչական Յարձակում Կատարել

ՏԱՀԵՇ-ի առնչուած խումբերէն մէկը պաստառ տարածած է Հռոմի մէջ Ս. Պետրոսի տաճարի ուղղութեամբ գացող ինքնաշարժի պատկերով` նախազգուշացնելով Ս. Ծնունդին Վատիկանի դէմ նախապատրաստուող յարձակումէ մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Քաթըլիք Հերըլտ»-ը: Օրաթերթը` վկայակոչելով Մերձաւոր Արեւելքի զանգուածային լրատուական միջոցներու հետազօտութիւններու հիմնարկը, կը նշէ, թէ պաստառը ստեղծած է «Ուաֆա Մետիա Ֆաունտէյշըն»-ը, որ ՏԱՀԵՇ-ի առնչուած քարոզչական ալիք է: Խմբաւորումը նաեւ պաստառ հրապարակած է` գլխատուած...

Փութին. «Յաջողեցանք Սուրիոյ  Մասնատումը Կանխարգիլել»

Փութին. «Յաջողեցանք Սուրիոյ Մասնատումը Կանխարգիլել»

Չորեքշաբթի օր Սոչիի մէջ տեղի ունեցած Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան եռակողմ վեհաժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Իրանի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ երեք ղեկավարները կը ճշդեն Սուրիոյ մէջ համապարփակ երկխօսութեան ձեռնարկման առաջին քայլերը, եւ համաձայնած են շարունակել ջանքերը` ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրային վերջ տալու: Ան նշեց, թէ ահաբեկչութեան դէմ յաղթանակը քաղաքական լուծման նոր հորիզոններ...

Քրտական Մարզը Իրաքի Դաշնակցային  Դատարանին Որոշումը Կը Նկատէ  Միակողմանի Եւ Անարդար

Քրտական Մարզը Իրաքի Դաշնակցային Դատարանին Որոշումը Կը Նկատէ Միակողմանի Եւ Անարդար

Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի վարչապետ Նեչիրվան Պարզանի մեկնաբանած է Իրաքի Դաշնակցային դատարանին որոշումը, որով Քրտական մարզին մէջ 25 սեպտեմբերին տեղի ունեցած անկախութեան հանրաքուէն համարած էր հակասահմանադրական եւ անկէ բխող բոլոր որոշումները կասեցուցած: Ըստ Պարզանիի, այդ որոշումը միակողմանի է եւ անարդար: Այս մասին կը հաղորդէ քրտական «Ներինաազատ» կայքը: «Սահմանադրութիւնը մեզի համար միասնական թղթածրար է, եւ պէտք է առաջին կէտէն մինչեւ վերջին...

Գիտնականները Կը Նախատեսեն  Ամբողջ Աշխարհի  Վրայ Հզօր Երկրաշարժերու Աճ 2018-ին

Գիտնականները Կը Նախատեսեն Ամբողջ Աշխարհի Վրայ Հզօր Երկրաշարժերու Աճ 2018-ին

2018-ին երկրի վրայ կրնայ զգալիօրէն աւելնալ աւերիչ երկրաշարժներուն թիւը: Այսպիսի եզրակացութեան յանգած են գիտնականները` բացատրելով, որ Երկիրի շրջանի արագութեան փոփոխութիւնը ուժեղ երկրաշարժային շարժումներ կը յառաջացնէ: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը: Պոլտըր Քոլորատօ համալսարանէն երկրաբնագէտ Ռաճըր Պիլհամ եւ Միսուլայի մէջ Մոնթանա համալսարանէն Ռեպեքա Պենտիք ուսումնասիրած են 1900 թուականէն ի վեր 7 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժներու վիճակագրութիւնը: Ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած...

Սոչիի Մէջ Աննախադէպ Ձեւաչափով  Փութին-Ասատ Հանդիպում

Սոչիի Մէջ Աննախադէպ Ձեւաչափով Փութին-Ասատ Հանդիպում

Քրեմլին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Սոչիի մէջ հիւրընկալած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը եւ անոր հետ քննարկած Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման հոլովոյթի կազմակերպման հիմնական սկզբունքները: Փութին շնորհաւորած է Ասատը ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Սուրիոյ արձանագրած արդիւնքներուն համար: Քրեմլին նշեց, որ Ռուսիան Սուրիոյ մէջ փոխզիջումնային լուծման վերջնական փուլին մէջ ՄԱԿ-ի ազդու մասնակցութիւնը կ՛ակնկալէ: «Սուրիոյ մէջ այժմ կարեւորը քաղաքական հոլովոյթին...

Ռուհանի Եւ Զօր. Սոլէյմանի  Կը Յայտարարեն ՏԱՀԵՇ-ի  «Դարաշրջան»-ի Աւարտը

Ռուհանի Եւ Զօր. Սոլէյմանի Կը Յայտարարեն ՏԱՀԵՇ-ի «Դարաշրջան»-ի Աւարտը

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ուժերու հրամանատար զօրավար-հազարապետ Ղասեմ Սոլէյմանի յայտարարած է ՏԱՀԵՇ-ի իշխանութեան ոչնչացման եւ ահաբեկչական այդ խմբաւորման «դարաշրջան»-ի աւարտը: Այս մասին կը հաղորդէ մեր պաշտօնակից «Ալիք»-ը: ԻՍՆԱ կը հաղորդէ, որ ան այս յայտարարութիւնը կատարած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիին յղած իր նամակին մէջ: ՏԱՀԵՇ-ի դէմ վերջնական յաղթանակը ան պայմանաւորած է Խամենէիի իմաստուն ղեկավարութեամբ, Իրաքի եւ Սուրիոյ...

Նիւ Եորքի Մէջ Պայթում

Նիւ Եորքի Մէջ Պայթում

Ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք նահանգի Նիւ Ուինտսըր գիւղաքաղաքին մէջ գեղեցկագիտական արտադրութիւններու գործարանի մը մէջ երկու պայթում արձանագրուած է: Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, երկու պայթումներուն պատճառով արձանագրուած են աւելի քան 30 վիրաւորներ, որոնցմէ երկուքը անդամ են քաղաքային պաշտպանութեան ուժերուն: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, վիրաւորներուն թիւը 33 է: Ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ երկու...

Էրտողանի Խորհրդական. «Եկած Է  Թուրքիոյ ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Հարցը  Վերատեսութեան Ենթարկելու Ժամանակը»

Էրտողանի Խորհրդական. «Եկած Է Թուրքիոյ ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Հարցը Վերատեսութեան Ենթարկելու Ժամանակը»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խորհրդականներէն Եալչըն Թոփճու յայտարարած է, թէ եկած է ժամանակը, որ Թուրքիան վերատեսութեան ենթարկէ ՕԹԱՆ-ին իր անդամակցութեան հարցը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը: Խօսելով Նորվեկիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձերուն ժամանակ գայթակղալից պաստառի մը հետ կապուած միջադէպի մասին` Թոփճու շեշտած է, որ այդ «անպատկառութիւնը» ամբողջ թուրք ժողովուրդը ստիպած է հարցականի տակ առնել Թուրքիոյ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան նպատակայարմարութիւնը:...

Իրաքի Գերագոյն Դատարանը Քրտական  Ինքնավար Մարզի Անկախութեան Հանրաքուէն  Կը Նկատէ Հակասահմանադրական

Իրաքի Գերագոյն Դատարանը Քրտական Ինքնավար Մարզի Անկախութեան Հանրաքուէն Կը Նկատէ Հակասահմանադրական

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրաքի դաշնակցային դատարանը 25 սեպտեմբերին Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ տեղի ունեցած անկախութեան հանրաքուէն նկատած է հակասահմանադրական եւ չեղեալ յայտարարած է զայն: Դաշնակցային դատարանի բանբեր Այաս Սամուք յայտարարած է, թէ հանրաքուէին հիմամբ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի իշխանութիւններուն կողմէ կայացած բոլոր որոշումները նոյնպէս հակասահմանադրական են եւ պէտք է կասեցուին: Նախապէս դաշնակցային դատարանը որդեգրած էր որոշում...

Իտլիպի Մէջ Բախումներ Տեղի Ունեցած Են  Թրքական Բանակին Եւ Քիւրտերուն Միջեւ

Իտլիպի Մէջ Բախումներ Տեղի Ունեցած Են Թրքական Բանակին Եւ Քիւրտերուն Միջեւ

Սուրիոյ հիւսիսային Իտլիպ նահանգին մէջ բախումներ տեղի ունեցած են թրքական զինեալ ուժերուն եւ քիւրտ զինեալներուն միջեւ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապերլեր» կայքը: Կը հաղորդուի, որ Սուրիոյ տարածքին մէջ գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու զինեալներն ու թուրք զինուորները իրարու դիրքեր հրթիռակոծած են:

Page 652 of 883 1 … 651 652 653 … 883

Արխիւներ