Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան.«Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Գործողութիւնները Կ՛ընթանան Այնպէս, Ինչպէս Ծրագրած Էինք»

November 18, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Կը հաւաստիացնեմ, թէ մօտ ատենէն մեր տնտեսութիւնը պիտի վերագտնէ իր բնականոն հունը», հաստատեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ: Ըստ Էրտողանի, արտաքին ուժեր կը փորձեն կասեցնել Թուրքիոյ յառաջդիմութիւնը, «այսուհանդերձ յաջողեցանք հինգ առ հարիւրի համեմատութեամբ աճ արձանագրել», ընդգծեց ան:

Անդրադառնալով շրջանային իրադարձութեանց` յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տիրող իրավիճակին, Թուրքիոյ նախագահը ըսաւ. «Այն զգայուն փուլը, որ կ՛ապրինք Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, կ՛առնչուի Թուրքիոյ ապագային, հետեւաբար` պէտք է մօտէն հետեւիլ այդտեղի իրադարձութեանց»: Էրտողան դիտել տուաւ, որ «Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ գործողութիւնները կ՛ընթանան այնպէս, ինչպէս ծրագրած էինք, եւ շնորհիւ Աստուծոյ, կրցանք իրագործել մեծ նուաճումներ»:

Էրտողան այս առիթով չծածկեց իր դժգոհութիւնը ամերիկեան քաղաքականութեան առնչութեամբ` նշելով, որ ոչ բոլոր հարցերուն գծով Միացեալ Նահանգներ կը գործակցին Թուրքիոյ հետ:

«Յաճախ հարց կու տանք, թէ ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներ միջամուխ կ՛ըլլան Սուրիոյ մէջ, հակառակ անոր որ հազարաւոր մղոններով հեռու են եւ կը զօրակցին ահաբեկչական խմբաւորումներուն. Միացեալ նահանգներ չեն գործակցիր մեզի հետ Սուրիոյ, յատկապէս` Ռաքքայի, Մանպեժի եւ Տէր Զօրի վերաբերեալ», ընդգծեց Էրտողան:

 

Նախորդը

Սոչիի Վեհաժողովի Նախօրեակին Նախարարական Մակարդակի Հանդիպում` Անթալիոյ Մէջ

Յաջորդը

լիբանանեան կարճ լուրեր

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.