Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եըլտըրըմ. «Ոչ Մէկ Ուժ Կրնայ Վնասել Թուրքիոյ»

Նոյեմբեր 17, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Անոնք, որոնք չկրցան ծունկի բերել Թուրքիան, այսօր նոր հնարքներով կը շարունակեն իրենց փորձերը», յայտարարեց Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ, Անգարայի մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ: «Անոնք կը խորհին, որ կրնան մեր մեծ երկիրը ծունկի բերել` խօսելով տնտեսական տագնապի եւ անիշխանութեան բեմագրութիւններու մասին. կը սխալին, եւ անոնց բոլոր քայլերը պիտի ձախողին», աւելցուց Եըլտըրըմ` ընդգծելով, որ «աշխարհի մէջ ոչ ոք, ոչ մէկ ուժ կրնայ վնասել մեր երկրին, շնորհիւ մեր ազգի տածած սիրոյն` Թուրքիոյ դրօշին, պետութեան եւ հողին նկատմամբ»:

Նոր Ձերբակալութիւններ` Կիւլենականներու Դէմ

Միւս կողմէ, կիւլենական շարժման անդամներու հետապնդման իր արշաւին մէջ Թուրքիա ձերբակալեց ապահովական վաթսուն բարձրաստիճան պատասխանատուներ` զանոնք մեղադրելով անցեալ տարուան պետական հարուածի ձախող փորձին մասնակցութեան յանցանքով:

Ըստ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, թրքական իշխանութիւնները ձերբակալման հրամանագիր արձակած են երեսուն նահանգներէ 108 անձնաւորութիւններու դէմ` նշելով, որ պետական հարուածի նշեալ փորձէն ետք ձերբակալուած են աւելի քան յիսուն հազար թուրք պաշտօնեաներ եւ ապահովական ու զինուորական պատասխանատուներ:

Ըստ նոյն աղբիւրին, պետական հարուածի փորձին իբրեւ հեղինակ մեղադրուող ամերիկաբնակ Ֆեթհուլլա Կիւլեն կը մերժէ եւ կը հերքէ իր դէմ ուղղուող մեղադրանքները` դատապարտելով  պետական հարուածի փորձը:

Նախորդը

Սուրիոյ Մէջ Քիմիական Նիւթերու Գոյութեան Գծով Հետաքննութեան Երկարաձգման Շուրջ. Ռուսիա Վեթոյի Իր Իրաւունքը Կ՛օգտագործէ

Յաջորդը

Փեսքով. «Քրեմլին Սուրիոյ Հարցով Իրանէն Եւ Թուրքիայէն Պատասխանատուներ Պիտի Հիւրընկալէ Սոչիի Մէջ»

RelatedPosts

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ռուպիօ Իրաքի Վարչապետին Շեշտեց Իրանի Աջակցութիւնը Վայելող Միլիսներու Զինաթափման Անհրաժեշտութիւնը
Միջազգային

Ռուպիօ. «Իսրայէլի Այսրյորդանանը Կցելու Ծրագիրները Կը Վտանգեն Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Եւրոպական Միութիւն. «Սուրիոյ Մէջ Համայնքային  Բռնարարքներու Վերաբերեալ Արդարացի  Մտավախութիւններ Գոյութիւն Ունին»
Միջազգային

Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու 19-րդ Թղթածրարը Որդեգրեց

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?