Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըճտարօղլու բուռն կերպով քննադատեց նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը` «Ասատին ի նպաստ գործելու» մեղադրանքով: «24 ժամը անգամ մը կեցուածք փոխելը քայլ մըն է, որ ամէն մարդ չի կրնար առնել», ընդգծեց Քըլըճտարօղլու` յայտնապէս ակնարկելով Էրտողանի Սուրիոյ տագնապին գծով ցուցաբերած փոփոխական կեցուածքին:
Ըստ ընդդիմադիր ղեկավարին, Էրտողան միշտ զօրակցած էր Սուրիոյ տագնապին զինուորական լուծման, «սակայն ան իր կեցուածքը փոխեց Փութինի հետ տեսակցելէ ետք»: Քըլըճտարօղլու նմանապէս քննադատեց Ուաշինկթընն ու Մոսկուան անոնցմէ պահանջելով հեռացնել իրենց զինուորական ուժերը Սուրիայէն, եթէ հարցին քաղաքական լուծում պիտի վճռուի: Ան նշեց, որ ինք սկիզբէն կը նախընտրէր սուրիական տագնապին քաղաքական լուծումն ու բարի դրացնութեան կապերու հաստատումը Սուրիոյ եւ Իրաքի հետ: