Երէկ Սէուտական Արաբիոյ պահանջով Գահիրէի մէջ գումարուեցաւ Արաբական լիկայի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով ժողովը:
Արաբական լիկայի արտաքին գործոց նախարարներու նիստին Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ չմասնակցեցաւ: Լիբանանը ներկայացուց լիկային մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Անթուան Ազզամ:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ ժողովի բացման նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ ժողովը կը գումարուի արտակարգ պայմանի մէջ, որովհետեւ ոչ օրինական տարրերու կողմէ արաբական մայրաքաղաքի մը դէմ թեւաւոր հրթիռի արձակումը վտանգաւոր սպառնալիք է: (…) Թեւաւոր հրթիռը իրանեան արտադրութիւն է եւ իրանեան թշնամական յստակ պատգամ մը, թէ արաբական մայրաքաղաքները Թեհրանի թեւաւոր հրթիռներու հասողութեան տակ են:
Ան նշեց, որ արաբական երկիրները կարող են պաշտպանել իրենց կայունութիւնը եւ պիտի չընդունին «վախի պատանդի վիճակի մէջ ապրիլ»:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը Իրանէն պահանջեց ետդարձ կատարել արաբական երկիրներուն նկատմամբ իր կեցուածքներէն: Ան իր խօսքը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ուղղելով ըսաւ. «Սպառնալիքները բոլոր չափերը անցան, եւ շրջանը կը մղեն դէպի վտանգաւոր գահավէժ մը»:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր յայտնեց, որ այս ժողովի մասնակցութեան պատկերը Իրանի հրթիռներուն նկատմամբ վտանգի զգացումի ցուցանիշն է: Ան Եմէնի Անսարուլլահ խմբաւորման կողմէ Ռիատի դէմ հրթիռարձակումը նկատեց իրանեան ոտնձգութեանց ցուցանիշը` պահանջելով «իրանեան թշնամական քաղաքականութիւններուն դիմակայման համար ազգային պարտաւորութեան տէր կանգնիլ»:
Ան Իրանը ամբաստանեց «դեսպաններու ահաբեկման եւ շրջանին մէջ իր գործակալներու ստեղծման քաղաքականութեան հետապնդման» յանցանքով:
Սէուտական դիւանագիտութեան պետը կոչ ուղղեց որդեգրելու «արաբական ազգային անվտանգութեան դէմ իրանեան ոտնձգութեանց դիմակայման համար խիստ որոշում» մը:
Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար Խալետ պըն Ահմետ պըն Մոհամետ Ալ Խալիֆա Հըզպալլան կոչեց ահաբեկչական` յայտնելով. «Իրան շրջանին մէջ ունի թեւեր, որոնց կարեւորագոյնը շարք մը երկիրներու մէջ ներկայութիւն եղող Հըզպալլան է»: Ըստ անոր, ամերիկեան 5-րդ տորմիղին հետ իր երկրին առնչութիւնը աւելի արդիւնք կու տայ, քան արաբական միացեալ աշխատանքը:
Բացման նիստէն ետք ընթացք առաւ դռնփակ նիստը:
Ժողովի աւարտին` Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ Գահիրէի մէջ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը դատապարտած է իրանեան միջամտութիւնները` նշելով, որ «իրանեան միջամտութիւններու դէմ դնելու համար» յաջորդ քայլը կրնայ ըլլալ ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդին դիմելը: Ան նշեց. «Ներկայ փուլին Իրանի դէմ պատերազմ պիտի չյայտարարենք: Նպատակը պետութիւններուն կոչ ուղղելն է եւ անոր վարմունքը դատապարտելը»:
Արաբ արտաքին գործոց նախարարներու հաղորդագրութիւնը նշեց, որ գոյութիւն ունի Իրանի կողքին Հըզպալլայի եւ Եմէնի Անսարուլլահ շարժումին դէմ դնելու փափաք մը` աւելցնելով. «Պէտք է դիմակայել արաբական մայրաքաղաքներուն եւ Պապ Մանտեպ նեղուցի վտանգումը»:
Ապուլ Ղէյթ նշեց. «Արաբական երկիրներ թիրախ դարձնող հրթիռները Իրանի մէջ արտադրուած են»` նշելով, որ արաբական նախարարական խորհուրդը տակաւին չէ որոշած Ապահովութեան խորհուրդին դիմել, այլ որոշած է զայն տեղեակ պահել արաբական կարգ մը կեցուածքներէն:
Ան աւելցուց, որ արաբական երկիրները համաձայն գտնուած են հաղորդագրութեան, բացի Լիբանանէն, որ Հըզպալլային վերաբերող բաժիններուն նկատմամբ վերապահութիւն յայտնած է:
Նշենք, որ Լիբանան առարկեց հաղորդագրութեան մէջ Հըզպալլայի նշման եւ զայն ահաբեկչական նկատելուն` նշելով, որ կուսակցութիւնը մաս կը կազմէ լիբանանեան կառավարութեան: Իսկ Իրաք զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանին:
Ժողովի նախօրեակին Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ֆրանսայի նախագահին հետ:
Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ երկու նախագահները «համաձայնած են դաշնակիցներու հետ աշխատանք տանիլ դիմակայելու համար Հըզպալլայի եւ Իրանի` շրջանին մէջ կայունութիւնը քայքայող գործունէութիւնը»:
Արաբական լիկային մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Անթուան Ազզամ իր արտասանած խօսքին մէջ կոչ ուղղեց հեռու մնալու այն բոլորէն, որոնք արաբական երկիրներուն միջեւ պառակտում կը ստեղծեն եւ աճապարելու հարցերը լուծելու ողջմիտ երկխօսութեամբ, ուր իւրաքանչիւր կողմ մտիկ կ՛ընէ միւսին մտավախութիւնները` հեռու մնալով սպառնալիքներու ոճէն եւ ամէն ինչէ, որ կրնայ նկատուիլ երկրին անկախութեան ու գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն` յարգելով եղբայրութեան կապերը եւ յանձնառու մնալով Արաբական լիկայի ուխտին:
Ան ընդգծեց, որ արտաքին միջամտութեանց դէմ դնելու համար պէտք է հեռու մնալ արաբ եղբայրներուն միջեւ գժտութենէ ու պառակտումէ, ինչպէս նաեւ ներքին լարուածութիւններ ստեղծելէ եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը վտանգելէ` աւելցնելով, որ միակ փրկութիւնը արաբական երկիրներուն միջեւ փոխադարձ հասկացողութիւնն է: