Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ իր երկիրը սուրիական վարչակարգը այլեւս սպառնալիք չի նկատեր:
Ան թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Անգարա Մոսկուայի հետ Սուրիոյ մէջ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն դէմ զինուորական գործողութիւն մը պիտի համակարգէ, «եթէ ատոր անհրաժեշտութիւնը զգացուի»:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը նշեց. «Այժմ սուրիական վարչակարգի սպառնալիքին մասին խօսք չկայ, կար ժամանակ, երբ մեր օդանաւերը վառ առնուեցան, սակայն ատիկա ներկայիս բացառուած է: Իսկ հիմա գոյութիւն ունի Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը, Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը, եւ այդտեղէն կու գայ վտանգը: Եթէ մեր կողմէ գործողութիւն մը ըլլայ, ատոր մանրամասնութիւնները պիտի քննարկենք մեր դաշնակիցներուն եւ Ռուսիոյ հետ»: